image

Պոլսոյ մէջ.Ներկայացուած է Վարդուհի Քալանթարի յուշագրութիւնը 

Պոլսոյ մէջ.Ներկայացուած է Վարդուհի Քալանթարի յուշագրութիւնը 

Օրերս, Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան մէջ ուշագրաւ զրոյց մը կազմակերպուած է, Վարդուհի Քալանթարի «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութեան մասին, որուն մասնակցած են յուշագրութեան թարգմանիչ Արթուն Կէպէնլիօղլուն, խմբագիր Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Իզզէթ Ումութ Չէլիք, որ յառաջաբանին մէջ ներկայացուցած է Իսթանպուլի Կեդրոնական բանտի ճարտարապետական յատկանիշներն ու պատմութիւնը։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շաբաթ կէսօրուայ ժամերուն, «Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» մշակոյթի ու գրականութեան միութեան մէջ գրասէրներու կոկիկ խումբի մը մասնակցութեամբ սարքուեցաւ ուշագրաւ ասուլիս մը։ Առիթը Վարդուհի Քալանթարի «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնն էր եւ անոր ընդմէջէն, հեղինակի ակնոցով դէպքերը ներկայացնելու, անոնց մասին խօսելու փորձառութիւն մը։

Օրին գրած էինք արդէն որ Վարդուհի Քալանթարի «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» գիրքը «Արաս»էն լոյս տեսած է թէ՛ հայերէնով՝ խմբագրութեամբ Սեւան Տէյիրմէնճեանի, թէ՛ թրքերէնով՝ թարգմանութեամբ Արթուն Կէպէնլիօղլուի։ Այս յուշագրութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ կնոջ մը կողմէ գրուած բանտային առաջին վկայութիւնն է եւ առանձնայատուկ է որպէս այդպիսին։ Վարդուհի Քալանթար ուսման համար Լոզան կը գտնուէր, բայց ընտանիքին ղրկած նամակները պատրուակ նկատելով, ոստիկանութիւնը 1915ին ձերբակալած էր Վարդուհին։ Ան հօր եւ մօր հետ միասին դատուած էր Պատերազմական առաջին ատեանին առջեւ եւ 20 տարեկանին բանտարկուած Իսթանպուլի Կեդրոնական բանտին մէջ։

Յուշագրութեան ծանօթագրական հատուածին մէջ դիտել կը տրուի որ Քալանթար իր այս վկայութեամբ ցոյց կուտայ որ ամենադժուարին պայմաններուն տակ իսկ կարելի է դիմադրել։ Վարդուհի Քալանթարի յուշագրութիւնը 1921-1922 թուականներուն լոյս տեսած էր ֆեմինիսթ յայտնի լրագրող եւ գրող Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերականին մէջ։

Շաբաթ օրուայ հրապարակային զրոյցի մասնակիցներն էին յուշագրութեան թարգմանիչ Արթուն Կէպէնլիօղլու, խմբագիր Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Իզզէթ Ումութ Չէլիք, որ յառաջաբանին մէջ ներկայացուցած է Իսթանպուլի Կեդրոնական բանտի ¤Մեհթերհանէ_ ճարտարապետական յատկանիշներն ու պատմութիւնը։ Երեքը միասին պատմեցին թէ յուշագրութեան թարգմանչական աշխատանքը ինչպիսի՞ փուլերէ անցաւ, ատկէ ետք որպէս վկայութիւն շօշափեցին Քալանթարի այս յուշերը, յետոյ Ումութ Չէլիք ներկայացուց բանտի այդ օրուայ պայմաններն ու ճարտարապետական կառուցուածքը, մթնոլորտը, որ կը տիրէր այդ տարիներուն։

Տրուած բացատրութիւններէն ետք ներկաները հարցումներ ուղղեցին բանախօսներուն եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ այն մասին թէ Քալանթար ինչպէ՞ս կրցած էր սուր դիտարկումներով «քննել» բանտապահները, գաղթական, քիւրտ կամ արաբ բանտարկեալները՝ մարդաբանական գրուածքի մը նման լոյս սփռելով օսմանեան բանտի տարբեր երեսակներուն վրայ։