Ֆրանսան եւ Ղազախստանը լիակատար կ՚աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրման. այս մասին ըսուած է նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
«Այդ թոյլ պիտի տայ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ՝ յարգելով երկու պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրը: Նախագահներն ընդգծած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը Անդրկասպեան միջազգային փոխադրային երթուղիի զարգացման համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրով 2024 թուականի նոյեմբեր 4-էն 5-ը Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը պետական այցով կը գտնուէր Ֆրանսա: