Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը եւ շրջաններու հոգեւոր հովիւը այցելութիւն տուած են Լիմասոլի Յունաց Եպիսկոպոսին։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսի Թեմի Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ ներկայացուցած լրատւութիւնը
Ուրբաթ 25 Հոկտեմբեր 2024-ին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի, այցելութիւն կատարեցին Կիպրոսի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Լիմասոլի Մետրոբոլիթ Տ. Աթանասիոս Եպիսկոպոսին:
Հանդիպման հիմնական նպատակն էր ծանօթացում Լիմասոլի Առաջնորդին։ Արծարծուեցաւ Յոյն եւ Հայ Եկեղեցւոյ նաեւ երկու ազգերու սքանչելի յարաբերութիւններու մասին։ Հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ եւ եղբայրական ընդունելութեան համար եւ որպէս յուշանուէր՝ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Հայ Եկեղեցին» յունարէնի թարգմանուած գիրքը։