image

Լիբանանահայ՝ Լիւսի Տէօքմէճեան նշանակուած է «Գեղարդ» հարթակի հրատարակիչ

Լիբանանահայ՝ Լիւսի Տէօքմէճեան նշանակուած է «Գեղարդ» հարթակի  հրատարակիչ

Արմատներով լիբանանահայ եւ վերջին տարիներուն հայրենադարձած Լիւսի Տէօքմէճեան  նշանակուած է «Գեղարդ» առցանց հարթակի հրատարակիչ։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  «Գեղարդ»ի  վերջերս տրուած լրատւութիւնէն։

 Նշենք նաեւ, որ Լիւսի մինչեւ այս պաշտօնին կոչուիլը աշխատակցած է բազմաթիւ պարբերականներու ու շրջան մըն ալ եղած է «Արեւելք»ի աշխատակիցներէն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք տրուած լրատւութիւնը նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Լիւսիին ու հաւատալով անշուշտ, որ նոր եռանդ եւ նոր շունչ կը բերէ Գանատայէն հրապարակուող «Գեղարդ» առցանց հարթակին։

 

ԳԵՂԱՐԴ կայքի անձնակազմը հաճոյքով կը տեղեկացնէ իր յարգոյ ընթերցողներուն թէ այժմ օժտուած է նոր հրատարակիչով մը՝ յանձինս Օրդ. Լիւսի Տէօքմեճեանի։

Կը խոստովանինք, թէ այս ընտրութիւնը ոչ միայն դիւրին չեղաւ, այլ տեւեց բաւական երկար։ Արդարեւ, նոր հրատարակիչին ներկայացուող պայմանները բաւական խիստ էին եւ են նաեւ այսօր։ Շատ դժուար պիտի ըլլար գտնել մէկը, որ թէ՛ զանոնք բաւարարէր եւ թէ՛ աշխատանքը կատարէր համեստ վարձատրութեամբ՝ նկատի ունենալով կայքին սահմանափակ ամավարկը (պիւտճէն), որ առաւելաբար կազմուած է կայքի հիմնադիր եւ մինչեւ վերջին օրերը անոր հրատարակիչ տոքթոր Տիգրան Աբրահամեանի անձնական ներդրումէն։

Լիւսին յատկապէս կը յատկանշուի իր երիտասարդական աւիւնով, աշխատասիրութեամբ, բծախնդրութեամբ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, խմբային աշխատանքի նախասիրութեամբ, երեւոյթներուն ու հարցերուն իր ուրոյն, երբեմն ոչ-սովորական մօտեցումներով եւ այլ բարեմասնութիւններով, որոնք հաստատուն երաշխիք են, թէ ան պիտի արդարացնէ ԳԵՂԱՐԴ-ի անձնակազմին՝ իր վրայ դրած մեծ յոյսերը։

Ստորեւ ԳԵՂԱՐԴ-ի նոր հրատարակիչ Լիւսի Տէօքմեճեանի կենսագրական կարեւոր գիծերը։

— Ծնած է Պէյրութ։ Իրենց գիտակցական կեանքը հայ գիրին ու բանին, հայ դպրոցին, հայկական մամուլին եւ ազգային հասարակական կեանքին նուիրած ծնողներու աւագ դուստրն է։

— 1984-էն 1997 յաճախած է Պէյրութի Վահան Թեքէեան միջնակարգ վարժարանը, ապա ուսումը շարունակած է Հ․ Բ․ Ը․ Մ․ի Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանին մէջ, Հըրշ Թապեթ, Լիբանան։

— 2000-2004 թուականներուն հետեւած է Լիբանանի պետական համալսարանի անգլերէնի եւ անգլերէն գրականութեան դասընթացքներուն եւ արժանացած Պսակաւոր արուեստից գիտական աստիճանին։

— 2015-2018-ին հետեւած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական նիւթերու եռամեայ դասընթացքին՝ ստանալով համապաստասխան վկայական։

— 2000-ականներու սկիզբէն աշխատակցած է հայկական մամուլին, մասնաւորաբար Պէյրութի «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն՝ հիմնականին մէջ թարգմանութիւններով եւ հարցազրոյցներով։ Կը շարունակէ գործակցութիւնը «Արարատ» թերթին հետ իբրեւ էջադրող եւ սրբագրիչ: 2022-էն կ’աշխատակցի նաեւ Լոս Անճելոսի «Մասիս» շաբաթաթերթին։ 2023-ի Մարտէն ի վեր «Գեղարդ»ի մշտական աշխատակից է։ Կայքին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածները շատ անգամ արտատպուած են այլ կայքերու, ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ։»

— Ընտանեօք հայրենադարձած է 5 Սեպտեմբեր 2020-ին, եւ շատ չանցած աշխատանքի անցած ՀՀ-ի պետական վարչամեքենային մէջ՝ իբրեւ արտասահմանէն բարեսիրական օժանդակութիւններու հարցերով զբաղող գրասենեակի աշխատակից։

— Գերազանց կը տիրապետէ արեւմտահայերէնին, անգլերէնին եւ արաբերէնին, հմուտ է նաեւ արեւելահայերէնին, որոշ չափով գիտէ նաեւ թրքերէն ու ֆրանսերէն։ Քաջածանօթ է սփիւռքահայոց, մասնաւորաբար Արաբական Արեւելքի հայագաղութներու, որոշ չափով արդէն՝ նաեւ հայրենաբնակ հայոց հոգեբանութեան եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Լիւսի Տէօքմեճեանի հարուստ կենսափորձը եւ անոր անձին վերոնշեալ յատկանիշները հիմք կու տան վստահութիւն յայտնելու, թէ ան յաջողութեամբ ու մեծ ձեռնհասութեամբ պիտի իրականացնէ ԳԵՂԱՐԴ-ի նոր հրատարակիչի իր վրայ դրուած ծանր առաքելութիւնը՝ կայքին ապահովելով նոր նուաճումներ։

Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք Լիւսի Տէօքմեճեանին՝ անշուշտ միշտ պատրաստ օժանդակելու իր աշխատանքներուն եւ իր առաջ ցցուելիք ամենատարբեր խոչընդոտներու յաղթահարումին։

 

Բարի ճանապարհ քեզի, Լիւսի՛։

ԳԵՂԱՐԴ կայքի անձնակազմ

 

1 նոյեմբեր 2024