Գեղեցիկ եւ հոգեշունչ արարքով մը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կարող Պատուելիներէն Վեր. Նշան Պագալեան յանձնառութիւնը վերցուցած է արժէքաւոր ձեռագրեր նուիրելու Երեւանի Ազգային Մատենադարանին։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէն։
Ստորեւ ատոր մասին եղած հրապարակումը՝
Տարագիր հայու գաղթի ճամբան անցած ձեռագիր գիրքերը վերջապէս տուն հասան…
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, յարաբերութիւնները համակարգող վեր. Նշան Պագալեանն ու տիկինը՝ Մարիա Պագալեան, այս օրերուն, յատուկ առաքելութեամբ եկած են Հայաստան: Անոնք, տարիներ առաջ ազգականէ մը ստացած 18-րդ դարու Սաղմոսարանն ու Շարակնոց ձեռագիր գիրքերը ընծայեցին Մատենադարանին:
Այն հարցումին, թէ ինչու այս որոշումը կայացուցին, վեր. Նշան պատախանեց. «Այս ձեռագիրները այնքան արժէքաւոր են, որ միայն մերը չեն կրնար ըլլալ: Ոմանք մեզի կ'ըսեն, թէ ինչու չվաճառեցինք զանոնք, լաւ գումար կը շահէինք: Բոլոր այդ մարդոց նոյն պատասխանը կու տամ, ըսելով, թէ այդ կերպով այս գիրքերու արժէքը նուազեցուցած կ'ըլլանք: Անոնք անգին են, այդ պատճառով պէտք է բոլորին պատկանին»:
Արժէքաւոր ձեռագիրներու ընծայաբերման նպատակով, հայրենիք կը գտնուին նաեւ վեր. Նշանի քոյրը՝ ամուսինին հետ: Քէշիշեան ընտանիքը Ֆիլատէլֆիայի Հայ Աւետարանական Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան անունով Մատենադարանին ընծայեցին 15-16-րդ դարերու Գանձարան եւ 18-րդ դարու Ժողովածոյ, որոնք փրկուած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող խանութէ մը, ուր ամերիկացի միսիոնար մը զանոնք տեսնելով գնած է:
25 Հոկտեմբերին, Մատենադարանի թանգարանին ընծայաբերման սրահին մէջ իւրայատուկ, խորհրդաւոր մթնոլորտ էր. «Նուիրական անուններ. մատեաններու տունդարձը» խորագիրով ցուցադրութեան ընթացքին, 4 արժէքաւոր ձեռագիրներու ընծայաբերման հանդիսաւոր արարողութիւնն էր:
Խորհրդաւոր լուսաւորութեամբ, սրահը զարդարուած էր Մատենադարանի մեծ նուիրատուներու, տարբեր տարիներու ընթացքին ընծայաբերած ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու ու հնատիպ գիրքերու բացառիկ հաւաքածոներու ցուցադրութեամբ։ Տասնեակ հիւրեր հաւաքուած էին, որոնց կարգին՝ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներ, ծառայողներ ու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ:
«Սաղմոսերգու» հոգեւոր երաժշտութեան, արական երգչախումբի կատարման առաջին հնչիւններուն հետ սրահ մտան Պաքալեան եւ Քէշիշեան ընտանիքները՝ ներս բերելով ընծաները:
Մատենադարանի տնօրէն՝ Արա Խզմալեանը ողջունեց հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն ու պատմեց, թե որքա՜ն կարեւոր են Մատենադարանի համար ընծայաբերուած ձեռագիրներն ու որքա՜ն յուզուած են աշխատակիցները, երբ ստացած են նուիրաբերման լուրը:
«Մատեանին Մատենադարան մուտքը, մեր կարծիքով, ամէնէն սպասուած եւ կարեւոր իրադարձութիւններէն է, ոչ միայն տնօրինութեան եւ աշխատակազմին համար, այլեւ հոգեւոր արժէքներուն առնչուող եւ անոնց հանդէպ պատասխանատւութեան զգացումով օժտուած իւրաքանչիւր հայու համար»,- նշած է պարոն Խզմալեանը:
«Այս ձեռագիրները այստեղ հասան գաղթի ճանապարհով՝ Օսմանեան Կայսրութենէն՝ Խարբերդէն, Պոլիսէն, մինչեւ ԱՄՆ՝ Ֆիլատէլֆիա, Ֆլորիտա, Ուաշինկթըն, այնուհետեւ՝ Պէյրութ: Այս ճանապարհը անցած գիրքերը վերջապէս տուն հասան: Անոնք կարծես հայ ժողովուրդի խորհրդանիշն են»,- նշեց վեր. Նշան Պաքալեան՝ աւելցնելով, որ ինչպէս աստուածատուր մշակոյթը մարդուն կը հարստացնէ, այնպէս ալ իրար բարձրացնող մարդիկ կը հարստացնեն ազգը:
Բարձրարժէք ձեռագիրներու ընծայաբերման համար, Վեր. Նշան Պաքալեանն ու տիկին Մարիան արժանացան «Բարերար Մատենադարանի ոսկէ մետալ»-ին:
Ընծայաբերման արարողութեան յաջորդեց «Սաղմոսերգու» հոգեւոր երաժշտութեան, արական երգչախումբի համերգային ծրագիրը: Հոգեթով ձայներու սիմֆոնիան ամբողջացուց արարողութեան հոգեւոր ու մշակութային նշանակութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին մասին Մատենադարանին պատրաստած տեսանիւթը՝ ստորեւ: