image

Վրացական ընդդիմութեան առաջնորդը հիացած է Նիկոլ Փաշինեանով

Վրացական ընդդիմութեան առաջնորդը հիացած է Նիկոլ Փաշինեանով

Վրացական արմատական ընդդիմութեան առաջնորդ Նիքա Կվարամիան առաջարկած է «բուժուիլ պատմական ցաւերէն»՝ վկայակոչելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օրինակը, որուն օրով Ատրպէյճան վերականգնեց վերահսկողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Թիֆլիսի մէջ «ВЗГЛЯД» թերթի թղթակիցը։

«Ես հիացած եմ Փաշինեանով, որ կրցաւ յաղթահարել պատմական ցաւը՝ Ղարաբաղը յանձնելով», «Ֆորմուլա» ընդդիմադիր հեռատեսիլի եթերին ըսած է Կվարամիան։

Անոր խօսքով՝ ժողովուրդի զարգացման եւ անոր փրո-եւրոպական շարժումին համար «պատմական ցաւերը վտանգ կը ներկայացնեն»։

Ընդդիմադիրը համոզուած է, որ Ղարաբաղէն հրաժարելով՝ Հայաստանը «Ատրպէյճանէն աւելի շատ դրամ պիտի ստանայ, պիտի ուղղուի դէպի ԵՄ եւ պիտի բաժնուի Ռուսիայէն»։