Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստուածութեան պարապմունքներու շրջածիրէն ներս վարժանքներ իրականացուցած են՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անօդաչուներու կիրառմամբ հնարաւոր խախտումները կանխելուն եւ Լաչինի միջանցքի դիտակէտերուն մէջ անվտանգութեան ապահովման: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդուի, վարժանքները իրականացուած են 6 ուսումնական կէտի մէջ: Զինծառայողները նոր ռազմավարական հնարքներ եւ գործողութիւններ մշակած են՝ ուղղուած տեղակայման վայրէն դուրս գալուն, զրահափոխադրիչներուն մէջ տեղաւորուելուն, պայմանական յարձակողը շրջափակելուն եւ դիտակէտի դէմ հնարաւոր յարձակումը կանխելուն:
Ուսումնավարժանքի շրջածիրէն ներս իրականացուած գործողութիւններու առանձնայատկութիւնը անօդաչու թռչող սարքի բացայայտման համար կատարուող հնարքներն էին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել