image

Քուէյթը յայտնած է իրանական ԱԹՍ-ներու նոր յարձակումներու մասին

Քուէյթը յայտնած է իրանական ԱԹՍ-ներու նոր յարձակումներու մասին

Քուէյթի բանակը յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութիւնը ներկայիս կը պայքարի իրանական անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները կասեցնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին գրառում կատարուած է Քուէյթի զինուած ուժերու X-ի էջին։

Գլխաւոր շտապէն նախազգուշացուցած են, որ լսուող իւրաքանչիւր պայթում հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կողմէ «թշնամական յարձակումները կասեցնելու արդիւնք է»։

Բանակը կոչ ըրած է բնակչութեան՝ հետեւելու համապատասխան մարմիններու կողմէ տրուած անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հրահանգներուն։

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը, իր հերթին, յայտարարած է Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան երկու ռազմակայաններու վրայ յարձակման մասին։

«Անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած ենք Ալի ալ-Սալեմ օդուժի ռազմակայանին մէջ գտնուող մեծ ռազմական սարքաւորումներու պահեստի, Patriot հրթիռային պաշտպանութեան համակարգի եւ ամերիկեան զօրքերու համար նախատեսուած MQ-9 անօդաչու սարքերու կայանին»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը նաեւ յայտարարած է ամերիկեան ուժերու տեղակայման վայրին եւ ալ-Ատիրի զօրանոցին մէջ գտնուող երկու ուղղաթիռներու կայանին վրայ յարձակում իրականացնելու մասին։