image
Հրատապ լուրեր:

Իրան նախազգուշացուցած է Պարսից ծոցի երկիրները ԱՄՆ-ի յարձակումներու պարագային պատասխան հարուածներու մասին. Reuters

Իրան նախազգուշացուցած է Պարսից ծոցի երկիրները ԱՄՆ-ի յարձակումներու պարագային պատասխան հարուածներու մասին. Reuters

Իրանի իշխանութիւնները նախազգուշացուցած են Պարսից ծոցի երկիրներուն, որ պատասխան հարուածներ պիտի հասցնեն անոնց տարածքներուն մէջ գտնուող ուժանիւթի կառոյցներուն, եթէ Միացեալ Նահանգները յարձակի Իրանի վրայ։ Այս մասին, յղում կատարելով Պարսից ծոցի երկիրներու աղբիւրներուն, հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։

«Իրանական նախազգուշացումը յստակ էր. եթէ Ամերիկան հարուած հասցնէ իրանական ենթակառուցուածքներուն, ապա մենք պիտի պատասխանենք հարուածներով Պարսից ծոցի երկիրներու ուժանիւթի ենթակառուցուածքներուն եւ տարածաշրջանի այլ թիրախներուն»,– ըսած է գործակալութեան զրուցակիցներէն մէկը։

Reuters կը նշէ, որ նման քայլերով Իրանը կը ձգտի իր դաշնակիցներուն միջոցով լրացուցիչ ճնշում բանեցնելու Միացեալ Նահանգներուն վրայ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր համար ընդունելի համաձայնագիրի կնքումը ապահովելու նպատակով։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները Թեհրանի հետ եւ կ՚ակնկալէ համաձայնագիրի շուտափոյթ ձեռքբերում։