Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն կը մերժէ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Քայա Քալլասի հետ երկկողմ հանդիպումներու առաջարկները, յայտնած է եւրոպական Politico հրատարակութիւնը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Անոնց տեղեկութիւններու համաձայն՝ Քալլասը ներկայիս կը մնայ հանրութեան աչքէն դուրս, մասնաւորապէս՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի հետ իր բարդ յարաբերութիւններու պատճառով։
Սեպտեմբերին Politico-ն հաղորդած էր, որ Քալլասը Պրիւքսելի մէջ կը բախի աճող քննադատութեան՝ Ռուսիոյ եւ Կազայի հարցով իր դիրքորոշման եւ գործընկերներու հետ լարուած յարաբերութիւններու համար: Հրատարակութիւնը նշած էր, որ անոր՝ որպէս եւրոպական դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարի գործունէութիւնը, չէ տպաւորած Եւրոյանձնաժողովի շարք մը գործընկերները եւ Պրիւքսելի քաղաքական շրջանակներու այլ անդամները: Հրատարակութեան համաձայն՝ Քալլասը լարուած յարաբերութիւններ զարգացուցած է, մասնաւորապէս՝ Եւրոխորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթայի հետ:
Քալլասը Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ նշանակուած է 2024 թուականին։ Նախապէս ան զբաղցուցած է Էսթոնիոյ վարչապետի պաշտօնը։