ԱՄՆ նախագահի անկախ թեկնածու Ռապըրթ Քենետի կրտսերը Եութա նահանգին մէջ իր աջակցութեան համար բաւականաչափ ստորագրութիւններ հաւաքած է, որ ընդգրկուի 2024 թուականի նոյեմբերին նախատեսուած նախագահի թեկնածուներու ցուցակին մէջ, ըսուած է քաղաքական գործիչի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
Նաեւ նշուած է, որ «Եութան առաջին նահանգն է, ուր քարոզարշաւը հաստատած է ստորագրութիւնները», իսկ չորեքշաբթի Քենետի կրտսերը մամուլի ասուլիս պիտի կայացնէ, որու ժամանակ պիտի յայտարարէ բոլոր 50 նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ Քոլումպիայի շրջանին մէջ թեկնածուներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուելու ծրագրերու մասին:
ԱՄՆ նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականի նոյեմբերին։