TRIPP նախագիծին շուրջ Իրանի մտահոգութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի կարգ մը լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւնները էականօրէն ուռճացուած են եւ հեռու են իրականութենէն։ Այս մասին Հոկտեմբեր 16-ին, COP17-ի շրջածիրէն ներս կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
«Իրանական կողմում, անշուշտ, կան հարցեր, այդ հարցերին պատասխանները տրուել են։ Իրանական կողմը, իմ տպաւորութեամբ, այս ընթացքով բաւարարուած է։ Էլի հարցեր ունի, օրինակ, իրանական կողմն ասում է՝ լինելո՞ւ է ամերիկեան զինուած ներկայութիւն TRIPP-ի երկայնքով, ասում ենք՝ չի լինելու, թղթերն այդ մասին են վկայում, իրականութիւնն այդ մասին է վկայում։ Այսինքն՝ նորմալ է, որ իրենք այդ հարցն ունեն, մենք էլ այդ հարցի ճիշդ պատասխանը տալիս ենք», ըսած է Միրզոյեան։
Լրագրողի այն դիտարկման ի պատասխան, թէ Իրանի կողմէ երբեմն յայտարարութիւններ կը հնչեն, որոնց համաձայն՝ երրորդ կողմի մը ներկայութիւնը կրնայ ապակայունացնել տարածաշրջանը, Միրզոյեան նշած է, թէ այդ մէկը դասագիրքային ճշմարտութիւն է, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ Իրանը այդ յայտարարութեամբ ի՛նչ նկատի ունի։
«Ընդհանրապէս, կարծում եմ, դասագրքային ճշմարտութիւն է, որ արտաքին երրորդ կողմի զինուած ներկայութիւնը մէկ այլ տեղի երկուսի յարաբերութիւններում միայն բարդացնելու է այն երկուսի կեանքը։ Ես էլ կարող եմ դա իմ անունից ասել, դուք ի՞նչ գիտէք, ես ինչ նկատի ունեմ կամ դուք ի՞նչ գիտէք՝ Իրանը ինչ նկատի ունի», ըսած է Միրզոյեան։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող COP17 համաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի յայտնած է, որ Իրանը մտահոգութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու որեւէ ներկայութեան առնչութեամբ։ Սակայն ան լիակատար վստահութիւն յայտնած է Հայաստանի նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ համոզուած է, թէ հայկական կողմը Իրանի անվտանգութեան դէմ որեւէ քայլ պիտի չառնէ։
TRIPP-ը նախատեսուած է Հայաստանի տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն ապահովելու Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ՝ միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը նախաստորագրուած է այս տարուան Մայիս 26-ին, իսկ պաշտօնապէս ստորագրուած՝ Յունիս 4-ին։