image

Դաշինքի օգտահաշիւի անուանումն է «Ուժեղ Հայաստան». ԿԸՅ-ն բաւարարած է Գոհար Մելոյեանի դիմումը

Դաշինքի օգտահաշիւի անուանումն է «Ուժեղ Հայաստան». ԿԸՅ-ն բաւարարած է Գոհար Մելոյեանի դիմումը

ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ապրիլ 22-ի նիստին քննարկած է «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» կուսակցութիւններու դաշինքի ձեւաւորման նպատակով օգտահաշիւ ստանալու համար լիազօրուած անձ Գոհար Մելոյեանի՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յղուած պարզաբանում ակնկալող դիմումը։ Պարզաբանումը վերաբերելի է Ընտրական օրէնսգիրք սահմանադրական օրէնքի վերջին փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ստացած օգտահաշիւի անուան վերաբերեալ հարցադրումներուն։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պարզաբանման մէջ արձանագրած է, որ Ազգային ժողովի 2026 թուականի յունիս 7-ի ընտրութիւններու  շրջածիրէն ներս կուսակցութիւններու (կուսակ­ցութիւններու դաշինքներու) առաջադրման եւ գրանցման նկատմամբ կը կիրառուին ««Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքը՝ 2026 թուականի ապրիլի 7-ի ««Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ՀՕ-95-Ն սահմանադրական օրէնքով նախատեսուած փոփոխութիւնները եւ լրացումները։

2026 թուականի ապրիլ 7-ի դրութեամբ Ազգային ժողովի 2026 թուականի յունիս 7-ի ընտրութիւններու շրջածիրէն ներս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որեւէ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի իրաւազօրութեան հարցի, ներառեալ կուսակցութիւններու դաշինքի անուանման խնդրի չէ անրադարձած եւ այդ ժամանակահատուածի համար չունի այդպիսի լիազօրութիւն։

Արձանագրենք նաեւ, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ստացած է նոյն իրաւազօրի կողմէ օգտահաշիւի անուան փոփոխութեան դիմումը եւ այն բաւարարած է։ Այսպիսով, դաշինքի օգտահաշիւի անուանումն է՝ «Ուժեղ Հայաստան»։