image
Հրատապ լուրեր:

Քոյրս

Քոյրս

Ո՜վ իմ քոյրըս, բազուկըս աջ, 

Դուն սրտագէտ ու բարեպաշտ, 

Կեանքըդ պատանդ, դուն՝ հիասքանչ, 

Կ'ապրիս համեստ, աշխարհիդ՝ հաշտ:

 

Իմ վշտացած սրտիս դիմաց, 

Կապեր ես քու սէրը անանց, 

Վատ օրերուս դուն որպէս գանձ, 

Ո՛ւժ ես տուեր հոգւոյս բեկուած:

 

Քու օժանդակ սիրոյ կենաց, 

Ինչ խմեր եմ, չեմ յագեցած, 

Արդի դարուս ոեւէ անձ

Չի՛ հասնելու քեզ, անկասկած:

 

Ինչ որ ցանկաս եւ կամենաս, 

Թող տայ քեզի տէրըն Աստուած, 

Որ այս սրտով քու սիրավառ՝ 

Դուն միշտ սփռես, սէր հրավառ:

Կայլակ

(Յունուար 2010)

«Սէր ու Կրակ» գիրքէն

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...