image

«Ոչ ի հաշիւ Ռուսաստանին». Օվէրչուքէն սլաքներ ուղղուած՝ Երեւանին

«Ոչ ի հաշիւ Ռուսաստանին». Օվէրչուքէն սլաքներ ուղղուած՝ Երեւանին

 

Եթէ Երեւանը կը համարէ, որ Եւրոպական Միութեան մէջ իրեն աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ, կրնայ կատարել այդ ընտրութիւնը, սակայն ոչ մեր հաշուոյն։ Այս մասին Սանկթ Փեթերսպուրկի Միջազգային Տնտեսական Համաժողովին ընթացքին ՌԻԱ Նովոսթիին յայտարարած է Ռուսաստանի փոխնախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքը։

«Մենք կը սատարենք այն ընտրութեան, որ հայերն իրենք իրենց համար լաւագոյնը կը համարեն։ Եթէ անոնք կը կարծեն, որ իրենց համար աւելի յարմար եւ շահաւէտ պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան մէջ, ապա, անշուշտ, կրնան այդ ուղին ընտրել»,– ըսած է Օվերչուքը՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Երեւանը պիտի դիմէ՞ ԵԱՏՄ-ի հետ վերջնական խզման։

Ան նաեւ յստակացուցած է, որ Երեւանը կրնայ կատարել այդ ընտրութիւնը, եթէ ուզէ։

«Սակայն ոչ մեր հաշուոյն»,– շեշտած է ռուս պաշտօնեան։