Հալէպի Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան յիշատակի խօսքը Յովհաննէս Մանսուրեանի մահուան Քառասունքին առիթով
Քառասուն օրեր առաջ՝ ընթացիկ տարուան 21 Ապրիլին, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ մեր բոլորին համար շատ յարգելի ու սիրելի լուսահոգի Յովհաննէս Մանսուրեանը:
Ան ծնած է 1953-ին Հալէպ, բնիկ ու արմատներով սասունցի ընտանիքէ, հայրը՝ Անդրանիկ եւ մայրը՝ Աննա:
Աւարտած է Հալէպի Ամերիկեան Գոլէճի Տղոց բաժինը: Բարձրագոյն կրթութիւնն ու համալսարանական վկայականը ստացած է Հալէպի Տնտեսագիտութեան համալսարանէն, 1977-ին:
Կ'ամուսնանայ օրդ. Նորա Ամպարճեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու հրաշք դուստրերով՝ Անի եւ Արազ:
Պրն. Յովհաննէս Մանսուրեան եղած է Հալէպի «Օշական» գրադարանի պատուարժան հիմնադիրը:
Ան եղած է Ազգային Առաջնորդարանի Տնտեսական Խորհուրդի աշխոյժ ու գործունեայ երկար տարիներու անդամ:
Եղած է Ազգային Իշխանութեան Քաղաքական ժողովի անդամ, նաեւ վերաքննիչ դատական ատեանի ու Ազգային Իշխանութեան հաշուեքննիչ մարմնի անդամ:
Երկար տարիներ եղած է Հալէպի Հայ Ծերանոցի եւ Թերաճ Մանուկներու «Արեւիկ» Կեդրոնի հաշուեքննիչ:
Նաեւ ԱՄԺ Տան Հաշուեքննիչ Մարմնի անդամ, ապա՝ խնամակալ ու ստանձնած շէնքի գործունէութեան հաշուական ընդհանուր ծրագիրը համակարգչային դարձնելու աշխատանքը:
Պրն. Յովհաննէս Մանսուրեան եղած է Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ խաչի կնքահայր ու երկար տարիներու բարերար:
Եւ մինչեւ իր մահը՝ ան անդամ էր Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութեան:
Անոր մասնագիտութիւնն ու աշխատանքային գործունէութիւնը եղած են հաշուապահ ու քննիչ Հալէպի բոլոր ազգային, միութենական, կրօնական ու կրթական հաստատութիւններու մէջ, ինչպիսիք են՝ Հայ Աւետարանական Համայնքը, ԼՆԳԿ Կեդրոնական Վարժարանը, Իման դպրոցը եւ այլուր....:
Պրն. Յովհաննէս Մանսուրեան իր գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ ու իր ողջ աշխատանքի ընթացքին եղած է ճշդապահ ու ճշգրիտ, հաւատարիմ ու արդար, անկեղծ ու միշտ օգնութեան հասնող ՄԱՐԴ:
Անոր համեստ ու ազնուաբարոյ նկարագրային գիծերը իր անկեղծ հոգիի արտացոլացումն էին, որոնց մասին ամէն մարդ հաստատակամօրէն կը վկայէ:
Սիրելի եղբա՛յր Յովհաննէս, դուն Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութեան գերարժանի անդամ էիր ու մենք՝ վարչութիւնս քեզմով ուրախութիւն, գոհունակութիւն ու հպարտանք
կը զգայինք: Ինչո՞ւ վերջնական հրաժեշտ տուիր, դեռ միասին ընելիքներ ունէինք: Շատ ծրագիրներ ունէինք, որոնցմէ էին Արեւմտեան Հայաստան երթալն ու մեր պապերու չմոռցած Սասուն այցելելը, հայրենի օջախը տեսնելու կարօտով բաժնուեցար...:
Սիրելի եղբա՛յր Յովհաննէս: Ապրելու այն բաժինը, որ ի վերուստ վիճակուած էր քեզի եղաւ տքնաջան աշխատանքի ու արդար վաստակի կեանք, որ եղաւ բարի ներշնչման աղբիւր ու պարգեւեց անսասան հայեցի նկարագիր ու յղկեց մարդկային կատարեալ բարի, համեստ ու ամուր անհատականութիւն, որուն շնորհիւ անզիջում կառչած մնացիր ընտանեկան, հայրական, ընկերային, միութենական, ազգային, մարդկային ու համամարդկային ամենավեհ սկզբունքներուն:
Դժուար է հաշտուիլ այդ մտքին հետ, որ ոչ եւս է մեր սիրելի եղբայր Յովհաննէս Մանսուրեանը: Դժուար է իր զաւակներուն համար կեանքը շարունակել առանց իրենց անմնացորդ զոհուող հօրը: Ան իր իւրաքանչիւր զաւկին մէջ ոսկէ կայլակներ ու լոյսէ կոհակներ ներմուծած էր իր աւիշէն, շունչէն ու միտքէն, սիրտէն ու հոգիէն: Ընտիր ամուսին ու օրինակելի հայր, զաւակները թրծեց հայկական ոգիով ու շունչով, օջախը դարձուց հայաշէն ու հայաբոյր բնօրրան: Անմնացորդ տուաւ իր անձէն ու ունեցածէն իր զաւակներուն, տիկնոջ, ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն ու շրջապատին...:
Բոլորս կը հաւատանք որ Յովհաննէս Մանսուրեանի դրոշմը փայլուն ձեւով տեսանելի պիտի մնայ Հալէպի, ինչպէս Հայ՝ այնպէս ալ օտար կրթօջախներու, միութենական հաստատութիւններու, առեւտրականներու ու արհեստաւորներու պատմութեան մէջ, շնորհիւ իր ուղղամտութեան, արդարամտութեան ու հաւատարիմ յարաբերութեան...:
Դառն իրականութիւն է որ դուն որպէս շնչող էութիւն մեր մէջ չես, սակայն պայծառ դէմքդ միշտ մեր աչքերուն առաջ է, ջերմ շունչդ ու սրտիդ տաքութիւնը ամբողջ սրտով կը զգանք: Քաղցր խօսքերդ, զուարճախօսութիւններդ, կատակներդ ու կեանքէն առնուած օրինակներդ ու դասերդ մեր յիշողութեան մէջ դեռ շա՜տ ու շա՜տ երկար պիտի մնան:
Սիրելի եղբա՛յր Յովհաննէս, ջերմ էիր սրտիդ նման, մաքուր էիր խղճիդ պէս, ջինջ ու ազնիւ՝ հոգիիդ նման, բարեկիրթ էիր ու հայրենասէր կերպարիդ նման: Պարզ էիր բայց ոչ՝ պարզամիտ, բարի էիր բայց ոչ՝ միամիտ, յանդուգն էիր բայց ոչ՝ գոռոզ, ամուր էիր ու պինդ բայց ոչ՝ կարծր, շահախնդիր էիր բայց ոչ շահամոլ, սկզբունքային էիր բայց ոչ՝ յամառ, երախտագէտ էիր ու երախտահատոյց բոլորին համար: Յոյսը քեզի համար լոյս էր, այդ իսկ պատճառով փակուղիի մէջ անգամ ամէն ինչ անդարձ ու կորսուած չէր քեզի համար: Պարտաւորութեան ու պարտականութեան գիտակցութիւնը առաւել շեշտուած էր մէջդ քան իրաւունքի զգացողութիւնը: Անձնական փառքը քեզի համար երբեք ու երբեք երջանկութեան գրաւական չեղաւ:
Անխարդախ գործէն, ազնիւ աշխատանքէն, ուղղամիտ յարաբերութիւններէն, մաքուր միտքէն, անկեղծ սիրտէն ու անեղծ խիղճէն վեր կը ճանչնայիր միայն Աստուած:
Սիրելի՛ Մանսուրեան ընտանիք, ընդունէ՛ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները:
Սիրելի՛ Յովհաննէս, թող հոգիդ վերերկրային անմահութեան մէջ թեւածէ ու Աստուածային լոյսերով պարուրուած յաւիտենական կեանքին մէջ հանգիստ ու խաղաղ ննջէ...:
Փունջ մը ծաղիկ, խունկ ու աղօթք պայծառ յիշատակիդ: