Պսակաձեւ ժահրի տարածման ներկայիս ընթացքը չթուլանելու պարագային 2022 թուականի սկիզբը ամբողջ աշխարհի մէջ վարակուած անձանց թիւը կրնայ գերազանցել 300 միլիոնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Ժընեւի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:
Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ շաբաթ պսակաձեւ ժահրով վարակուածների թիւը աշխարհի մէջ գերազանցած է 200 միլիոնը, եւ այդ տեղի ունեցաւ աշխարհի մէջ վարակուածներու թիւը 100 միլիոնը գերազանցելէն 6 ամիս ետք
Կեպրէյեսուսը յիշեցուցած է, որ ներկայիս համաշխարհային հանրութիւնը «մեծ գործիքակազմ ունի կանխարգիլելու, քննելու եւ բուժելու COVID-19-ը»: