image
Հրատապ լուրեր:

Եւս մէկ նաւատորմ կը մօտենայ Իրանին. Թրամփ յոյսով է, որ Թեհրանը գործարք կը կնքէ

Եւս մէկ նաւատորմ կը մօտենայ Իրանին. Թրամփ յոյսով է, որ Թեհրանը գործարք կը կնքէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իրանին ամերիկեան եւս մէկ նաւատորմ կը մօտենայ։

Ինչպէս յայտնած է Սպիտակ տունը, Միացեալ Նահանգներու նախագահն այս մասին յայտարարած է Այոուա նահանգի բնակիչներու առջեւ ելոյթի ընթացքին։

Տանըլտ Թրամփ, միաժամանակ, յոյս յայտնած է, որ Թեհրանը «գործարքի» կ՚երթայ։

«Հիմա Իրանին եւս մէկ գեղեցիկ նաւատորմ կը մօտենայ, այնպէս որ կը տեսնենք․․․ Յոյսով եմ՝ անոնք գործարք կը կնքեն»,-յայտարարած է Թրամփը։

Աւելի վաղ տարբեր լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը պատրաստուի Իրանի վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարձակման, որ կրնայ տեղի ունենալ արդէն առաջիկայ հանգստեան օրերուն։