Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ'ահազանգէ «Քորոնա»ի նոր տարբերակի` «Օմիքրոնի» մասին, զայն սահմանելով որպէս անհանգստութիւն յառաջացնող:
Նոր տարբերակը առաջին անգամ արձանագրուած է Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ:
ԱՀԿ-ն նաեւ յայտնած է, որ այս տարբերակը աւելի արագ կը տարածուի, քան իր նախորդները: Հետեւաբար, այդ կրնայ վարակել աւելի շատ մարդիկ, ներառեալ անոնք, ովքեր ապաքինած են այլ տարոերակներէ: Կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է բոլոր երկիրներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել «Քորոնա»ի նոր տարբերակի ուսումնասիրութեան։
Շարք մը երկիրներ արդէն ձեռնարկած են սահմանափակող միջոցառումներ` այդ շարքին՝ մուտքի արգելք ափրիկեան շարք մը երկիրներէ։