image

Քոնկրէսականներու նոր կոչ. 100 միլիոն տոլարով օգնել Հայաստանին եւ Արցախին

Քոնկրէսականներու նոր կոչ. 100 միլիոն տոլարով օգնել Հայաստանին եւ Արցախին

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամէ կազմուած երկկուսակցական խումբը միացած է հայկական հարցերով յանձնաժողովին` կոչ ընելով 100 մլն տոլար նիւթական օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին՝ անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի «Հայ դատի» յանձնախումբը:

Ամերիկացի քոնկրեսականները նամակ յղած են Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Պարպըրա Լիին եւ աւագ անդամ Հել Ռոճըրսին, քանի որ կը սկսի 2022 ֆինանսական տարուայ արտաքին յատկացումներու նախագիծի մշակումը:

Նամակին մէջ քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփիրը եւ Ատըմ Շիֆը նշած են. «Հայաստանի եւ Արցախի համար 2022 ֆինանսական տարուան մէջ յատկացուելիք օգնութիւնը խիստ կարեւոր է ժողովուրդի համար առաւել անվտանգ ապագայ ապահովելու, ժողորդավարութիւնն առաջ տանելու, կայուն տնտեսական զարգացում ապահովելու եւ «Քովիտ-19»-ի դէմ պայքարելու հարցերով երկրին աջակցելու համար»:

Նամակին մէջ քոնկրէսակնները կոչ կ'ընեն 100 մլն տոլարի շրջագիծէն ներս 2 մլն տոլար յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքի ոչնչացման ծրագրին:

Բացի այդ, կոչ եղած է կասեցնելու անվտանգութեան ոլորտի մէջ ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ երկիրը չէ վստահեցուցած, որ պիտի դադրեցնէ յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: