image

Լոս Անճելըս. Մեծ դրամահաւաք ի նպաստ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանին. Գոյացած է 4 միլիոն Տոլար

Լոս Անճելըս. Մեծ դրամահաւաք ի նպաստ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանին. Գոյացած է 4 միլիոն Տոլար

Շուրջ 900 հիւրեր մասնակցեցան Fairmont Century Plaza-ի սրահին մէջ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հիմնադրութեան 50ամեակի տօնակատարութեան, որուն ընթացքին գոյացաւ 4 միլիոն տոլար՝ ի նպաստ դպրոցին բարգաւաճման եւ ընդարձակման ջանքերուն։

Հանդիսավարը տոքթ. Էտրիք Տորեանն էր, իսկ Արիկ Գէորգեանի ղեկավարութեամբ՝ միջնակարգի դպրոցի աշակերտներ, ընկերակցութեամբ Էմի Պէճանեանի, կատարեցին ազգային քայլերգները։

Բացման աղօթքը կատարեցին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան։

Յայտագիրին ընթացքին, վարժարանը պատուեց համայնքի անուանի անդամներ, որոնք տասնամեակներով ծառայութիւններ մատուցած են դպրոցին։ Մեծարուեցան հետեւեալները՝ Պետրոս եւ Աննա Օրունճաքճիէլ («Ժառանգութեան» մրցանակ), միջնակարգի եւ երկրորդականի տնօրէն Անահիտ Նալպանտեան Պեզեշքեան («Կեանք Մը Ծառայութեան» մրցանակ), նախակրթարանի տնօրէն Թագուշ Խոտապախշեան («Կեանք Մը Ծառայութեան» մրցանակ) եւ տոքթ. Ռաֆֆի Սվաճեան («Իւրայատուկ Շրջանաւարտ» մրցանակ)։

Նաեւ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ յատուկ շնորհաւորագիրներ յանձնուեցան բոլոր մեծարեալներուն։

Ձախէն աջ՝ Սեմ Սիմոնեան, Սինան Սինանեան, Պերճ Սեդրակեան եւ Գէորգ Զօրեան

Ապա, ՀԲԸՄի նախագահ Սեմ Սիմոնեան եւ պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեան պատուեցին վարժարանին երկար տարիներու ջատագով եւ ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սինան Սինանեանը, անոր յանձնելով ՀԲԸՄի «Պօղոս Նուպար» մրցանակը։

Երկար տարիներու բարերար Քրիսթին Սիմոն եւս գնահատուեցաւ իր շարունակական առատաձեռնութեան եւ աջակցութեան համար եւ յայտարարուեցաւ, որ Մանուկեան-Սիմոն համագործակցային ուսումնական կեդրոնի համալիրը պիտի կոչուի անոր անունով։

Տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Զօրեան եւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, որոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին ձեռնարկին յաջողութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն եւ վարժարանին շարունակաբար նեցուկ կանգնողներուն։

Հիւրերը նաեւ առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու վարժարանին պատմութեան, այցելելով  գեղեցիկ ձեւով ներկայացուած «Ժառանգութեան Գրադարան» ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած էին տասնամեակներու ընթացքին առնուած լուսանկարներ, համազգեստներ, եւ արուեստի գործեր։

Ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետութիւնը ստանձնած էին Այլին Վաքեան եւ Զանի Գալայճեան։

Յատկանշական էին նաեւ Աշակերտական խորհուրդին իրականացուցած լուռ աճուրդը եւ վիճակահանութիւնը, որոնք գոյացուցին առաւել քան 70,000 տոլար։