image

«Քրիթիք ժամեր» Պէյրութի մէջ

«Քրիթիք ժամեր» Պէյրութի մէջ

 Անշուշտ այս բոլորը ներկայացնելէ անդին ըսեմ նաեւ, որ փորձագիտական շրջանակներ մեծ գրաւ դրած են այս թղթածրարին վրայ ու նաեւ մտավախութիւններ ունին, որ երկրին մէջ «ներքին պայթում» մը գրանցուի, ցրելու, աւելիով վատթարացնելու, կամ ալ հարցերը հանգուցալուծելու նպատակով։ 

 Ամէն պարագայի հաշուի պէտք է առնել, որ ԱՄՆ-Իրան «ամուսնութիւն»ը դեռ չէ գոյացած ու այդ ֆոնին խաղը բաց է բոլոր առումներով։

 

Բաւական «լարուած» օրեր են Լիբանանի համար։ 

 Խօսքը ներ-քաղաքական- ապահովական իրադրութեան մասին է, մանաւանդ, որ այսօր (ինչպէս նախատեսուած էր) կայանալիք կառավարութեան նիստն ալ յետաձգուեցաւ։

 Նշեմ, որ լարուածութիւնը կապ ունի  2020 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումին դատաքննական գործընթացին հետ։ 

 Դատախազ Թարէք Պիթար, որ ներկայիս պատասխանատուն է պայթումի հանգամանքները քննող դատաքննական մարմնին բերման հրամանագիր հրապարակած էր երկրի ազդեցիկ քաղաքական դէմքերէն՝ Ալի Հասան Խալիլին (շիիթ)դէմ, ու կար նաեւ խօսակցութիւն, որ նախկին նախարարներ՝ Նուհատ Ալ Մաշնուք (սիւննի) եւ Եուսէֆ Ֆընեանոսի (Մարոնի) դէմ նոյնպէս բերման հրամանագիր պիտի հրապարակուի։

 Բերման հրամանագրի հրապարակման հետ համատեղ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա ծանրօրէն քննադատած էր դատախազ Պիթարը, ըսելով որ ան դատաքննութիւնէն անդին քաղաքական պատուէր կը կատարէ։

 Այդ մօտեցումն անշուշտ «ազդանշան» մըն էր, որ կառավարութիւնը «լուծում» մը տայ «Պիթարի խնդրին» ու ամէն բան ընէ, որ մոխիրին տակ եղած կրակը արագօրէն մարի։

 Քաղաքական պատկերին մէջ իր յատուկ տեղը եւ ազդեցութիւնը ունեցող «Շիիթ-զոյգ»ը («Ամալ»- «Հըզպալլա» կուսակցութեանց մասին է խօսքը)    դէմ   է  դատախազի քայլերուն, որ ըստ իրենց (մանաւանդ «Հըզպալլա»ին) կը կատարէ «քաղաքական պատուէր» ու կը ներկայացնէ  ամերիկացիներու  «թէզ»ը։

 Այս մեծ տեղաշարժերուն մէջ այսօր վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը յայտնուած է «նեղ անկիւն»ի մը մէջ։ Կայ կառավարական իրաւասութիւն դատախազ Պիթարը «խաղ»էն դուրս նետելու եւ այդ պարագային Միքաթի «նեղացուցած» պիտի ըլլայ ամերիկացիներն ու արեւմուտքը, իսկ եթէ թոյլ տայ, որ Պիթար շարունակէ իր գործը,ապա Պէյրութի պայթումի թղթածրարը կը մտնէ վճռորոշ եւ ծանր փուլ մը, որուն դիմաց ալ «Հըզպալլա» ձեռքերը ծալլած պիտի չկենայ։ 

 Անշուշտ այս բոլորը ներկայացնելէ անդին ըսեմ նաեւ, որ փորձագիտական շրջանակներ մեծ գրաւ դրած են այս թղթածրարին վրայ ու նաեւ մտավախութիւններ ունին, որ երկրին մէջ «ներքին պայթում» մը գրանցուի, ցրելու, աւելիով վատթարացնելու, կամ ալ հարցերը հանգուցալուծելու նպատակով։ 

 Ամէն պարագայի հաշուի պէտք է առնել, որ ԱՄՆ-Իրան «ամուսնութիւն»ը դեռ չէ գոյացած ու այդ ֆոնին խաղը բաց է բոլոր առումներով։

 Աւարտին, ինչպէս միշտ ալ գրած եմ ՝ Աստուած պահէ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը։

 

Նիւթը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն