image
Հրատապ լուրեր:

«Քրիստոսի Յարութեան հաւատքը չի կորսնցնենք». Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

«Քրիստոսի Յարութեան հաւատքը չի կորսնցնենք». Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

 «Աստուծոյ պատգամաբեր հրեշտակը գերեզմանին մէջ երեւելով իւղաբեր կանանց յայտնեց թէ ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը, Ան յարութիւն առած է, երեւոյթ մը որ կ՝ամրապնդէ մեր հաւատքը յարութեան։ Պատմութեան ընթացքին մենք՝ ազգովին չի կորսնցուցինք այն հաւատքը որ միշտ յարութեան առիթ ընծայեց մեզի, այսօր եւս իրաւունք չունինք կասկածամտութեամբ մօտենալու ազգային յարութեան, բոլորոս ալ ազգովին հրաւիրուած ենք ժամանակակից դժուարութիւններու դէմ պայքարելու մեր յարութեան հաւատքով առանց տկարացումի»։

 

 

 ԱՄԷ, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Թեմի  Դիմատետրեան  էջէն կը կարդանք՝ 

 

 

Կիրակի 20 Ապրիլ 2025-ին Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Եկեղեցիներէն ներս Ս. Յարութեան տօնին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։

Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիէն ներս պատարագեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան. օրուան պատգամին մէջ սրբազան հայրը մատնանշեց Քրիստոսի Յարութեամբ մարդկութեան ընծայած նոր կեանքին ու յաւիտենականութեան։ Ան ըսաւ «Աստուծոյ պատգամաբեր հրեշտակը գերեզմանին մէջ երեւելով իւղաբեր կանանց յայտնեց թէ ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը, Ան յարութիւն առած է, երեւոյթ մը որ կ՝ամրապնդէ մեր հաւատքը յարութեան։ Պատմութեան ընթացքին մենք՝ ազգովին չի կորսնցուցինք այն հաւատքը որ միշտ յարութեան առիթ ընծայեց մեզի, այսօր եւս իրաւունք չունինք կասկածամտութեամբ մօտենալու ազգային յարութեան, բոլորոս ալ ազգովին հրաւիրուած ենք ժամանակակից դժուարութիւններու դէմ պայքարելու մեր յարութեան հաւատքով առանց տկարացումի»։

Պատարագի աւարտի Սրբազան հայրը ընդունեց շնորհաւորութիւնները Ս. Յարութեան տօնին առիթով։

Պատարագի ներկայ էին ՀՀ դեսպան՝ Տիար Կարէն Գրիգորեանը եւ Գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Արտակ Յովհաննէսեանը։