«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներու կողմէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւը խոչընդոտելու գործով 6 անձ կալանաւորուած է, 1-ի նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանք, իսկ 3 անձի վերաբերեալ դատական նիստ դեռ չէ կայացած։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն։
Մայիս 17-ին կոմիտէէն յայտնած էին, որ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի խումբ մը աջակիցներ մայիս 16-ին Նորաշէն բնակավայրի սկզբնամասին մէջ՝ ճանապարհի երթեւեկելի հատուածին մէջ, ճանապարհը մեքենաներով փակելու եղանակով խոչընդոտած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական քարոզչութեան բնականոն ընթացքը: Բացի այդ, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի խումբ մը աջակիցներ նոյն օրը Մեծաւան բնակավայրի Անդրանիկի փողոցի սկզբնամասին մէջ գտնուող հրապարակին մէջ` ճանապարհի երթեւեկելի հատուածին մէջ միացուցած են բարձր երաժշտութիւն, բռնութիւն գործադրած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւի մասնակիցներու նկատմամբ՝ այդ կերպ խոչընդոտելով քարոզարշաւի բնականոն ընթացքը: Դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 211-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտով (խումբ մը անձանց կողմէ քարոզչութիւն կատարելուն այլ կերպ խոչընդոտելը)։
Մայիս 16-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը ընկերային ցանցի իր էջերուն հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ յայտնած է, որ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի անդամները նոյն օրը Լոռիի մարզի որոշ բնակավայրերու մէջ խոչընդոտած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան քարոզարշաւը։