Կը վերահաստատենք լիակատար աջակցութիւնը hրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքենականութիւն ստեղծելու Երեւանի առաջարկին:
Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։
«Կը վերահաստատենք լիակատար աջակցութիւնը hրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքենականութիւն ստեղծելու Երեւանի առաջարկին»,- գրած է ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկած է ստեղծել հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքենականութիւն: