image
Հրատապ լուրեր:

Ֆիտան յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ անյապաղ զինադադարի անհրաժեշտութեան մասին

Ֆիտան յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ անյապաղ զինադադարի անհրաժեշտութեան մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Թուրքիան հանդէս կու գայ Ուքրանիոյ մէջ անյապաղ հրադադարի օգտին։ Այս մասին Ֆիտան ըսած է Անգարայի մէջ իր պելճիքացի գործընկեր Պերնար Քուենթինի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին։

«Մենք քննարկած ենք տարածաշրջանային թեմաներ, ներառեալ Ուքրանիան:Մենք, ի հարկէ, կ՚ուզենք անյապաղ զինադադար եւ խաղաղութեան հաստատում Ուքրանիոյ մէջ:

Այս պատերազմը, որ տեղի կ՚ունենայ 21-րդ դարուն Եւրոպայի կեդրոնին մէջ, պէտք է հնարաւորինս շուտ աւարտի, եւ այս պատերազմի տնտեսական եւ այլ ճգնաժամերու հետեւանքով առաջացած գաղթին պէտք է վերջ դրուի բանակցութիւններու ընթացքին»,-ըսած է Ֆիտան։