image

Կազայի տագնապ. Իրան դէմ չէ զինադադարին

Կազայի տագնապ. Իրան դէմ չէ զինադադարին

Իրան հաւանութիւն կու տայ պաղեստինեան «Համաս» արմատական շարժման եւ Իսրայէլի միջեւ հրադադարի կամ զինադադարի ցանկացած համաձայնագիրի, որու պայմաններն ընդունելի կ'ըլլան պաղեստինցիներու համար։ Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի «Համաս»ի քաղաքական բիւրոյի անդամ Խալիլ ալ Հայէի հետ կայացած զրոյցին։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը հաւանութիւն կու տայ Կազայի մէջ հրադադարի կամ պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ ցանկացած համաձայնագիրի, որ կ'ընդունուի պաղեստինեան դիմադրութեան եւ «Համաս»ի կողմէ», - ըսած է նախարարը։ 

Ինչպէս նշած է Արաքճի, Կազայի հատուածի հակամարտութեան վերաբերեալ Թեհրանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ նոր կառավարութեան գալէն յետոյ, եւ Իրան կը շարունակէ աջակցիլ Պաղեստինին, ինչպէս  նախապէս։

Իր հերթին «Համաս»ի քաղաքական բիւրոյի անդամը շնորհաւորած է Արաքճին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ տեղեկացուցած է Կազայի հատուածի հրադադարի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին։ Խալիլ ալ Հայէ նաեւ ընդգծած է, որ պաղեստինցի ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ կը ցուցաբերէ Իրանը։

15-16 օգոստոսին Տոհայի մէջ տեղի ունեցած են բանակցութիւններ՝ նպատակաուղղուած Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի հասնելուն եւ «Համաս»ի կողմէ պահուող պատանդներու ազատման։ Այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակուած են 25 օգոստոսին Գահիրէի մէջ։ Հանդիպումներն աւարտած են առանց յստակ արդիւնքի։