Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը խոստացած է՝ օր մը պիտի պատմէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի յայտնի լուսանկարի մասին, ուր ան սուրճ կը խմէր։
«Յիշո՞ւմ էք Արայիկ Յարութիւնեանի սուրճ խմելու լուսանկարը, այդ լուսանկարի նախապատմութիւնը գիտէ՞ք, մի օր կը պատմեմ»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ան։
Ալեն Սիմոնեանը յայտարարած է, թէ պատերազմի ժամանակ Արցախի տարբեր պաշտօնեաներէն, զինուորականներէն տարբեր տեղեկութիւններ կը ստանային։
«Իւրաքանչիւր հարցի վերաբերեալ գալիս էր իրար հակասող 4-5 տարբեր ինֆորմացիա, վերջում Արայիկ Յարութիւնեանի ինֆորմացիան էր մեծամասամբ ճիշդ դուրս գալիս»,- նշած է ան։
Սիմոնեանն ըսած է, թէ կ՚ըսէին՝ այս ուղղութեամբ հակառակորդը «ճղել է» պաշտպանութիւնը, յետոյ ճշդած են՝ պարզուած է, որ այդպէս չէ եղած։
«Յետոյ ճշդում էինք, որ այնտեղ, որտեղ մեզ ասում էին, թէ պաշտպանուած է, դատարկ էր»,- աւելցուցած է Ալեն Սիմոնեանը։