Լոս Անճելըսի The Reef ցուցադրասրահին մէջ, 15 Փետրուարին, պիտի բացուի բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի մօտաւորապէս 60 նոր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
15 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5էն 9 տեղի պիտի ունենայ բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի մօտաւորապէս 60 նոր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, քաղաքամէջ Լոս Անճելըսի The Reef ցուցադրասրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1933 S Broadway, 4th Floor, Los Angeles։
Վահէն նաեւ պիտի ստորագրէ իր նոր հրատարակած՝ This Is Not Love («Այս Սէր Չէ») հատորէն օրինակներ։ Հատորը Պէրպէրեանի անգլերէնով գրուած եւ հրատարակուած երկրորդ վէպը կը հանդիսանայ: Վէպը պատմութիւնն է հեղինակաւոր գծագրողի մը, որուն մենակեաց կեանքը կը փոթորկի, երբ կը հանդիպի կեանքով լեցուն երիտասարդուհիի մը, որ նոր թափ կու տայ արուեստագէտին ստեղծագործութեան, միաժամանակ զայն տուայտանքի առաջնորդելով:
Գիրքը կը ծախուի Amazon կայքին վրայ:
Վահէն հեղինակն է նաեւ անգլերէն Diary of a Dead Man («Մահացած Մարդու Մը Օրագիրը») հատորին, իսկ ան հայերէնով հեղինակած է «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ շարք մը թատրերգութիւններ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել vaheberberian.com կայքը: