Խրուաթիոյ Սթոն քաղաքին մէջ ներկայացուած է վերջերս Սփլիթի մէջ լոյս տեսած «Ս. Գրիգոր Նարեկացի` բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» գիրքի խրուաթերէն թարգմանութիւնը։ Միջոցառման ներկայ եղած է գիրքի հեղինակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Փետրուար 3-ին, Խրուաթիոյ Սթոն քաղաքի ամրոցի մեծ դահլիճին մէջ ներկայացուած է վերջերս Սփլիթի մէջ լոյս տեսած «Ս. Գրիգոր Նարեկացի` բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» գիրքի խրուաթերէն թարգմանութիւնը։ Հատորը անգլերէնէ թարգմանած է խրուաթ անուանի գրող եւ թարգմանիչ Մաթէ Մարաս։
Հատորը ներկայացուցած են Սթոնի հոգեւոր հովիւ Պեռնարտօ Փլեշէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Սփլիթի համալսարանի աստուածաբանութեան փրոֆ. Հայր Իվան Պոտրոժիչ եւ պատմաբան հայագէտ Վինիցիէ Լուփիս։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան։
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ԽՐԱՏ»-ԻՆ ԽՐՈՒԱԹԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Փետրուար 1–7 Խրուաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ իր գիրքին՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի – Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խրուաթերէն թարգմանութեան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։
Նարեկ սրբազան, «Խրատ»-ի խրուաթերէն հրատարակութեան խմբագիրներ՝ փրոֆ. հայր Իվան Պոտրոզիչի եւ դոկտ. Վինիցիէ Լուփիսի հետ այցելեց Սթոն, Տուպրովնիք եւ Սփլիթ քաղաքները եւ հոգեւորականներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու եւ մտաւորականներու ներկայութեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, վարքին, հոգեւորութեան եւ «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին։
Այս առթիւ սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ 2015 Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ն.Ս.Փրանկիսկոս պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակումին միացեալ շարժառիթը եւ զուգահեռ մը գծելով նահատակութեան ու սրբութեան միջեւ՝ զանոնք որպէս հայ քրիստոնէութեան վաւերական վկայութիւն սահմանեց։
Կիրակի, Փետրուար 1-ին, Սթոնի մէջ, Նարեկ արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ հայազգի Ս. Վլաս հայրապետի տօնին նուիրուած կրօնական արարողութիւններուն եւ սուրբին մասունքը ի ձեռին՝ բազմամարդ թափօրը առաջնորդեց ու հաւատացեալները օրհնեց։
Սրբազանը նաեւ ընդունուեցաւ Պապական նուիրակին, Թեմակալ եպիսկոպոսներուն, քաղաքապետերուն, համալսարաններու տեսուչներուն եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ատենապետներուն կողմէ, որոնց հետ զրուցեց հայ ու խրուաթական կապերուն եւ Հայ եկեղեցի ու Կաթոլիկ եկեղեցի յարաբերութիւններուն մասին՝ յատկապէս ծանրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան վրայ։
Խրուաթիա ճանապարհին վրայ, Նարեկ սրբազան Հռոմէն անցաւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Բիէթրօ Փարոլին կարտինալին եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ։
Խրուաթիայէն վերադարձին, Սրբազան հայրը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական յայտագիրի տնօրէն՝ պրն Ռոպեր Աթթարեանին հետ։