Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքի տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ կատարուած են նոր նշանակումներ:
Հոգեշնորհ Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան, ազատուելով Պատրիարք Սրբազան Հօր Գաւազանակրի եւ անձնական քարտուղարի պաշտօնէն, իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ որպէս Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան եւ Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան Թանգարանի տեսուչ:
Հոգեշնորհ Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան նշանակուած է Պատրիարք Սրբազան Հօր Գաւազանակիր եւ անձնական քարտուղար: