image

Ապու Տապիի մէջ. Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ.Պալըքճեանի Հրաժեշտի պատարագը

Ապու Տապիի մէջ. Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ.Պալըքճեանի  Հրաժեշտի պատարագը

Դէպի Միացեալ Նահանգներ նոր առաքելութիւնը ստանձնելու համար օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄԷ-ի թեմէն ներս տեղի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ վրդ. Պալըքճեան մատուցած է իր հրաժեշտի պատարագը։ Ուշագրաւ է անշուշտ, որ Հայր Սուրբը եւ բարձր առաջնորդութեամբը Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին   անցնող 7 տարիներուն ընթացքին  նուիրական կերպով կատարած էր իր կրօնաւորի բոլոր պարտականութիւնը միեւնոյն ատեն ունենալով  գաղութի հայութեան անմնացորդ յարգանքն ու սէրը։

«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ այդ առթիւ թեմին կողմէ տարածուած լրատւութիւնը։

 

Նախագահութեամբ Ա.Մ.Է. Քաթարի եւ շրջակայից Հայոց թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի 2 Փետրուար 2025-ին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը։ Հայր Սուրբը շուրջ 7 տարուայ իր հոգեւոր ծառայութիւնը յաջողութեամբ ամբողջացնելէ ետք,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր տնօրինութեամբ կը մեկնի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի իր հոգեւոր ծառայութիւնը շարունակելու համար։

Օրուայ պագամը փոխանցեց Սրբազան հայրը, անդրադառնալով Ճշմարիտ հովութեան, սիրոյ եւ ծառայական ոգիի արժէքներուն, ապա՝ յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեց Հայր Սուրբին եւ բարի գալուստ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալքըլըճեանին։ 

Պատարագի աւարտին Սուրէն Գոժաքեան սրահէն ներս թաղականութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալ ժողովուրդը յաջողութիւն մաղթեց մեկնող եւ նորանշանակ Հայր Սուրբերուն։