ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն նախազգուշացած է, որ եթէ Ռուսաստանը Ուքրանիոյ մէջ քիմիական զէնք կիրառէ, ապա ՆԱԹՕ-ն ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխանելու:
Պայտընի խօսքով` պատասխանը պիտի ըլլայ համարժէք: Միեւնոյն ժամանակ ան չէ պնդած, որ այդ ռազմական գործողութիւն պիտի ըլլայ:
«Մենք պիտի պատասխանենք, եթէ անոնք զայն կիրառեն: Պատասխանի բնոյթը կախուած պիտի ըլլայ կիրառման բնոյթէն», ըսած է Պայտընը: