Թրամփ Պայտընի դիմանկարը փոխարինած է անոր ստորագրութեան լուսանկարով։
«Նախագահական փառքի ուղի»ի լուսանակրները X-ին մէջ հրապարակած է Թրամփի օգնական Մարկօ Մարթինը։
Տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին առաջնորդներու՝ ներառեալ Պարաք Օպամայի դիմանկարներու շարքին, այժմ կայ Պայտընի ստորագրութեամբ սարքի լուսանկար։ Լուսանկարին կից գրուած է Պայտընի անուան սկզբնատառերը եւ նախագահութեան ժամանակահատուածը՝ 2021-2025։