image

Քապուլի մէջ իրադրութիւնը աւելի լաւ է . Ռուս դեսպան

Քապուլի մէջ իրադրութիւնը աւելի լաւ է . Ռուս դեսպան

Թալեպներու ժամանման օրերուն Քապուլի մէջ իրավիճակը աւելի լաւ դարձած է, քան եղած է նախագահ Աշրաֆ Ղանիի օրօք: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն,  «Էխօ Մոսկուա»ի ռատիոկայանի եթերի ժամանակ յայտարարած է Աֆղանիստանի մէջ ՌԴ դեսպան Տմիթրի Ժիրնովը:

«Ես կը գնահատեմ Քապուլի նկատմամբ անոնց վերահսկողութեան առաջին օրը: Տպաւորութիւնները լաւ են: Այժմ Քապուլի մէջ իրավիճակը աւելի լաւ է, քան Աշրաֆ Ղանիի օրօք:  Այսինքն ՝ ահաբեկիչ թալեպներու օրօք աւելի լաւ է, քան Ղանիի օրօք», - ըսած է ան։

Ժիրնովը վստահ է, որ փոխըմբռնում կը գտնէ «Թալեպան» շարժման ներկայացուցիչներու հետ 16 Օգոստոսին կայանալիք  հանդիպման, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Քապուլի մէջ Ռուսաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան անվտանգութեան հարցերուն:  Ան թալեպներու մօտեցումը անուանած է դրական եւ գործնական։

«Ես պէտք է նախ անոնց հետ լուծեմ դեսպանատան եւ իմ աշխատակազմի անվտանգութեան հարցերը, որպէսզի ամէն ինչ լաւ ըլլայ: Ես խոչընդոտներ չեմ տեսներ, որպէսզի մենք բոլոր մանրամասներու վերաբերեալ փոխըմբռնում չգտնենք», -ըսած է դեսպանը: