image

Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

Պուրճ Համուտի Աղբանոցին  Վերաբացումը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

 Լիբանան-     Լիբանանի աղբի խնդրին  առընթեր   կառավարութեան  կողմէ առաջարկուած  լուծումները կը բախին քաղաքացիական  շարժումներու դժգոհութեան:   Լրատուական աղբիւրնր կը յայտնեն, որ    Պուրճ Համուտ շրջանի աղբանոցը կրնայ  վերաբացուիլ: Շրջանի քաղաքապետութիւնը հակառակ   տարբեր լրատուական կայաններու     խնդրին առընթեր  տեսակէտ մը ստանալու ճիգերուն կը  մնայ լուռ:  «Ազատ Լիբանանի Ձայն»   ռատիոկայանը առաւօտուն հաղորդեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ  Անդրանիկ Մըսրլ այսօր      քաղաքապետութեան վերջնական  կեցուածքը պիտի յայտարարէ: Նշենք, որ    մէկէ  աւելի   պատասխանատուներ նախօրօք  յայտարարած էին, որ  Պուրճ Համուտի  աղբանոցի վերաբացումը  իրենց համար անընդունելի կարմիր գիծ է:  Պուրճ Համուտի աղբանոցը     30    տարի գործելէ ետք փակուած էր 1996-ին:  Մինչեւ հիմա  շրջանի քաղաքացիներ   կը բողոքեն աղբանոցէն բարձրացած գարշահոտին եւ անոր  բնութեան   պատճառա  վնասներուն  մասին: