image

Պապիկեան մեկնած է Ֆրանսա

Պապիկեան մեկնած է Ֆրանսա

Յունիս 17-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա:

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն։

Յիշեցնենք, որ Երեւանն ու Փարիզը հոկտեմբերին ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին, ըստ որու՝ Ֆրանսան Երեւանին պիտի մատակարարէ GM 200 ռատիոտեղորոշիչ կայաններ, փոքր հեռահարութեան Mistral հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրել ու հասկնալ՝ որոնք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը։ Ֆրանսան նաեւ «Պասթիոն» զրահամեքենաներ եւ ատոնց համար նախատեսուած սարքաւորումներ ուղարկած է Հայաստան։