Օրերս, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հ.Ե.Միութեան՝ 1934-1945 տարիներու արխիւներու ներկայացումը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Նիկոսիոյ իր աղբիւրէն։
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարած է միութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեան: Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար ըսած է՝ «Նկատի ունենալով, որ այս տարի Հ.Մ.Ը.Մ. AYMA-ի 90 ամեակն է, վարչութիւնս նպատակայարմար գտաւ թուայնացնել բոլոր փաստաթուղթերը, նկարները եւ ինչ որ վարչութեան տրամադրութեան տակ կայ: Այնտեղ հսկայ թիւով նամակներ, նկարներ ինչպէս նաեւ հեռագիրներ եւ այլ փաստաթութղեր կան: Հետեւաբար վարչութիւնը սկսած է այդ աշխատանքը եւ ամբողջացուցած առաջին տասնամեակի՝ 1934-1945 թուականներու արխիւներու թուայնացումը:»
Ի դէպ, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ սկսած է իր երթը 1934-ին, որպէս AYMA (Armenian Young Men's Association) կամ Հ.Ե.Մ. (Հայ Երիտասարդաց Միութիւն), եւ աւելի ուշ վերածուած է ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի: Հիմնադրութեան տարին միութիւնը հաշուած էր 27 անդամ, եւ մինչեւ 1938 Միութեան անդամութեան թիւը հասած 75-ի։
Հակառակ, որ ակումբը ունեցած է շատ դժուարութիւններ, եւ նոյնիսկ մտահոգութիւն, որ կրնայ փակուիլ, բայց այդ երբեք տեղի չէ ունեցած, շնորհիւ խումբ մը կուռ հաւատքի տէր նուիրեալներու- որոնք իրենց նիւթական ներդրումով կրցած են փրկել կացութիւնը, եւ միութիւնը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Բացման խօսքէն ետք, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամ Տիար Յակոբ Գազանճեան, որ զբաղած է այս աշխատանքով, եւ որուն օժանդակած նաեւ այլ անձեր ի մասնաւորի իր զաւակը՝ Կարէն Գազանճեան, բացատրութիւն տուած է աշխատանքի բնոյթին, որոշ դժուարութիւններուն եւ փաստաթութերու վիճակին մասին: Ան մասնաւորապէս ըսած է՝ «Հակառակ որ այս ակումբը 11 անգամ իր վայրը փոխած է, սակայն փաստաթուղթերը շատ լաւ վիճակի մէջ են, անշուշտ նկատուած է, որ որոշ փաստաթութերու մէջ կարգ մը տեղեր անընթեռնելի են, որովհետեւ մելանը տարածուած է կամ թուղթը մաշած, կամ փճացած յաճախ միջատներու առկայութեան պատճառաւ:» Ան ըսած է, որ աշխատանքի ընթացքին միշտ օգտագործուած են ձեռնոցներ, նկատի ունենալով, որ այդ թուղթերը կրնան պատճառ հանդիսանալ կարգ մը առողջապահական բարդոյթներու: Ան շարունակած է՝ «Հիմնական դժուարութիւնը, որ այդ թուականներուն պատճէնահանելու հասկացողութիւնը այնքան ալ տարածուած չէր, եւ ընդհանրապէս չկար, հետեւաբար նամակի պատասխաններ կան, բայց ակումբին կողմէ յղուած նամակներու օրինակները չկան, եւ պատասխանները ու նամակները բաղդատելով ու անոնց յաջորդականութենէն կռահեցինք, թէ ինչ ճիշդ տեղի ունեցած է այդ թուականներուն:»
Գազանճեան ներկայացուցած է, այն ձեռնարկները, որ կազմակերպուած այդ թուականներուն։ Ըստ Յ. Գազանճեանին ակումբի հիմնական յաջողութիւնը եղած է այն, որ կրցած են Կայծակ խումբը կազմաւորել, որ մասնակցած է Կիպրոսի առաջին դասակարգի խաղերուն, եւ զբաղեցուցած առաջին դիրքը:
Գազանճեան ըսած է, թէ նամակագրութիւն կայ այն ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցող «Հայկական Ակումբ» անունով ակումբի մը հետ, որ գաղափարով տարբեր չէ եղած, բայց եղած է ինքնամփոփ, եւ այդ ակումբը չէ ողջունած այլ ակումբի մը ներկայութիւնը, կ'երեւի միւսները մրցակից համարելով, ու չէ տրամադրած իր ունեցած սրահը նորակազմ միութեան, եւ այս յայտնի է իրենց պատասխանէն:
Գազանճեանի բացատրութենէն ետք, տեղի ունեցած է տեսահոլովակի ցուցադրութիւն, որ կը պարունակէր նկարներ եւ մանաւանդ փաստաթութեր: Նկարներու թիւը այնքան մեծ չէր, որովհետեւ առաջին այդ տարինեերուն նկարները կը բացակայէին: Սակայն ցուցադրուած փաստաթուղթերը շուրջ 49 հատ էին եւ իւրաքանչիւրին մասին բացատրութիւն տրուած, թէ այն ինչ կը ներկայացնէ: Տեղի ունեցած է նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն։
Ձեռնարկէն ետք ներկաները զրուցելով հիւրասիրուած են ու յաջողութիւն մաղթելով ու գոհ տրամադրութեամբ հեռացած: