«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի յունիս 17-ին օրէնքի ուժով գումարուելիք Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը։
««Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը արտահերթ նիստին չի մասնակցելու, որովհետեւ ընդդիմութեան օրակարգը կեղծ է եւ չի համապատասխանում Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերից բխող օրակարգերին։ Իսկ արտահերթ նիստն առանց մեր մասնակցութեան չի կարող կայանալ։ Այն օրէնքի ուժով կը գումարուի, բայց քուորման բացակայութեան պատճառով չի կայանայ»,-ըսած է Յովհաննիսեանը։
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու նախաձեռնութեամբ յունիս 17-ին, ժամը 18:30-ին պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ։ Օրակարգի վրայ է «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին» Ազգային Ժողովի ուղերձի նախագիծը։