image

Արմատներով լիբանանահայ՝ Վաչէ Մանուկեան կ՚ուզէ գնել Անգլիական Ֆութպոլի պատկառելի՝ «Էվերթըն» խումբը

Արմատներով լիբանանահայ՝ Վաչէ Մանուկեան կ՚ուզէ գնել Անգլիական Ֆութպոլի պատկառելի՝ «Էվերթըն» խումբը

Լոնտոն բնակվող հայ գործարար Վաչէ Մանուկեան կ՚ուզէ գնել անգլիական Փրեմիըր լիկան ներկայացնող «Էվերթըն»ը, յայտնած է The Independent-ը։

Ըստ աղբիւրի`յունիս 7-ին Մանուկեանի գլխաւորած համընկերութիւնը ակումբը գնելու հարցով պաշտօնական առաջարկ ըրած է։ Համընկերութիւնը պատրաստ է ակումբը գնելու 400 միլիոն ֆունտ սթերլինով։

Նշուած է, որ Մանուկեանն արդէն քանի մը շաբաթ է բանակցութիւններ կը վարէ ակումբի գլխաւոր բաժնետէր Ֆարհատ Մոշիրիի հետ։

Կը հաղորդուի, որ առաջարկը չէ ներառած ֆինանսական լրացուցիչ պարտաւորութիւններ եւ կ՚ենթադրէ «Էվերթըն»ի կայուն երկարաժամկէտ զարգացման ռազմավարութեան մշակում։

Մանուկեանը տպաւորուած է «Էվերթըն»ի ղեկավարութեան կատարած աշխատանքով, որուն յաջողած է ֆինանսական շատ սուղ միջոցներով պահպանել տեղը Փրեմիըր լիկայի մէջ։

Մոշիրին հաւանութեան արժանացուցած է Մանուկեանի առաջարկը։ Վերջինս լիայոյս է, որ վերջնական համաձայնութենէն ետք «Էվերթըն»ի գնման գործընթացն աւարտին կը հասցնէ յառաջիկայ ամիսներուն։

Աւելցնենք, որ Վաչէ Մանուկեանը մասնագիտութեամբ իրավաբան է։ Ան IMS Digital Ventures արհեստագիտաական ներդրումային ընկերութեան գործընկերն է։ Մանուկեանի գլխաւորած համաըներութեան մէջ ներառուած են ամերիկացի ներդրողներ, Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական եւ աւստրալական Մայերներու ընտանիքը։