image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ արկած Սուրիոյ մէջ. Վթարուած է Հալէպէն- Լաթաքիա մեկնող Pullman մը. Կան բազմաթիւ զոհեր

 Մեծ արկած Սուրիոյ մէջ.  Վթարուած է  Հալէպէն- Լաթաքիա մեկնող Pullman մը. Կան բազմաթիւ զոհեր

Մարդատար խոշոր    կառք մը մը  վթարուած է Սուրիոյ մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Սուրիոյ մասին արտայայտուող դիմատետրեան էջերէ։

Կը նշուի, որ Հալէպէն- Լաթաքիա ուղեւորուող մարդատար խոշոր կառքը  փախած է Թարթուսի մերձ գտնուող կամուրջի մը սիւներուն, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են բազմաթիւ ուղեւորներ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն զոհերուն թիւը հասած է 6-ի, իսկ վիրաւորներունը անցած է 15-ը։

 Սուրիոյ ԱԻՆ մարմիններ արագօրէն շտապած են հասնիլ դէպքի վայր եւ նախնական բուժօգնութիւն տրամադրել վիրաւորեալներուն։

Բացուած է քննութիւն դէպքին շուրջ։