image

Ժամանակաւոր հեռացման տնօրինում Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդի

  Ժամանակաւոր հեռացման տնօրինում Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդի

 «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ Կիպրոսի Թեմի դիմատետրեան էջին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

 

Մեր Թեմի ժողովուրդին այսու կ՛ուզենք յայտնել, որ Թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք․ Տողրամաճեան յատուկ նամակով դիմած է ՆՍՕՏՏ Արամ․ Ա․ վեհափառ հայրապետին եւ ցաւ յայտնած ու ներողութիւն խնդրած իրեն հետ կապուած վերջին պատահարին համար։

Վեհափառ հայրապետի թելադրանքով, սրբազանը որոշ ժամանակ պիտի բացակայի Թեմէն՝ ցնոր տնօրինում։

Այս առիթով կ՛ուզենք յայտնել, որ Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ իր բնական աշխատանքները ծանօթ ժամանակացոյցով։

 

 

 

Ազգային Վարչութիւն։