image

Լիբանանահայ հանրայայտ երգիչ՝ Ռայան քաղցկեղէ կը տառապի. Ան ենթարկուած է վիրաբուժութեան

Լիբանանահայ հանրայայտ  երգիչ՝ Ռայան քաղցկեղէ կը տառապի. Ան ենթարկուած է վիրաբուժութեան

Լիբանանահայ երգիչ Ռայան (բուն անունով՝ Գրիգոր- Գէորգ Գրաճեան) քաղցկեղէ  կը տառապի։

Այս մասին«Արեւելք»տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Ռայան, որ նոյնպէս այս մասին գրառում մը կատարած է, նշած է, որ վերջերս ենթարկուած է քննութիւններու, որմէ ետք բժիշկները անոր մօտ յայտնաբերուած են լեարդի քաղցկեղ։

Աւելի ուշ սիրուած երգիչը ենթարկուած է վիրաբուժական միջամտութեան եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման փուլ մը։

Ի դէպ, Ռայան ամէնէն աւելի հռչակի տէր դարձած էր իր առաջին երգի՝ «Ահլա Ղարամ»ի (Ամենագեղեցիկ սիրահարութիւնը) թողարկումէն ետք։

 Ան Լիբանանէն բացի յաճախ ելոյթներ կ'ունենայ Սուրիոյ մէջ: 2010-ին մասնակցած է Լաթաքիոյ մէջ կայացած «Սիրոյ փառատօն»ին, ուր ներկայ գտնուած են հազարաւոր երկրպագուներ: Ռայան, որ յատուկ համակրանք մը ունի Սուրիոյ նկատմամբ, նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն շարունակած է ելոյթներ ունենալ սուրիական բեմերուն վրայ, ինչպէս 2016-ին, երբ մասնակցած է Հալէպի Բերդի փառատօնին: