image

Հալէպի մէջ. Ազգային բարերար ամոլ՝ Գըլըճեանները այցելած են Ազգային Առաջնորդարան

Հալէպի մէջ. Ազգային բարերար ամոլ՝ Գըլըճեանները այցելած են Ազգային Առաջնորդարան

Ամերիկահայ բարերար ամոլ Տէր Եւ Տիկին Տիրան եւ Սօսի Գըլըճեաններ, օրերս, այցելութիւն տուած են Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն կը քաղէ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝


Երկուշաբթի, 11 Յունիս 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս ազգային ծառայութիւն ունեցած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր, ԱՄՆ-էն ժամանած հալէպահայ տիար Տիրան Գըլըճեան, իր տիկնոջ Սօսիին հետ շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, այցելուները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բեղմնաւոր ու օրհնաբեր ծառայութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց տիար Տիրանին, իր տիկնոջ, իրենց զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։