image

Մոսկուա, Թեհրան եւ Պաքու աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծեն «Հիւսիս-Հարաւ» նախագիծին համար

Մոսկուա, Թեհրան եւ Պաքու աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծեն «Հիւսիս-Հարաւ» նախագիծին  համար

Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները պայմանաւորուած են «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային փոխադրային միջանցքի շրջածիրէն ներս բեռնափոխադրումներու հարցով ստեղծել աշխատանքային խումբ եւ ստուգել սահմանային ու մաքսային թերմինալները ռուս-ատրպէյճանական եւ ատրպէյճանա-իրանական սահմաններուն:

Այս մասին յայտնած է Իրանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան առեւտրային առաքելութիւնու մէջ Տաղստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Թանաեւը, որ ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ մասնակցած է աշխատանքային խումբի  ձեւաւորման նուիրուած փորձագէտներու հանդիպման։

«Մենք Տերպենթի մէջ փորձագիտական մակարդակով եռակողմ հանդիպում կայացուցած ենք Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի պատուիրակութիւններու միջեւ եւ ստուգած մաքսային ու սահմանային կէտերը»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։