image
Հրատապ լուրեր:

Բագրատ Սրբազանի շարժումը դէպի ո՞ւր. Ջրբաժան կամ խամրում

Բագրատ Սրբազանի շարժումը դէպի ո՞ւր. Ջրբաժան կամ խամրում

Այս բոլորէն վերջ հասնինք Եկեղեցւոյ կողմէ ստանձնուած նոր դերի փուլին, որ պայմանաւորուած է ուղղակիօրէն երկրի քաղաքական գործընթացներուն մաս կազմելու որոշումով։ Հոս եւս կան բազմապիսի հարցադրումներ, որոնք կը խօսին եկեղեցւոյ մէջ առկայ որոշ, տարատեսակ անհամաձայնութեանց մասին, որոնց փարատումը ունենալու համար յառաջ կը տարուի «Արցախի վէրք»ը ու մանաւանդ՝ այսօրուան Հայաստան հայրենիքը փրկելու առաջադրանքը։ Սա ինքնին եթէ մտահոգութիւն ու առաքելութիւն է Եկեղեցւոյ համար, ապա նաեւ կը պարունակէ մղիչ ու շարժիչ ուժ։ Ու այդ առաջադրանքները հաշուի առնելէ ետք Եկեղեցին սկսաւ յառաջ տանիլ համընդհանուր պայքարի մը դրոյթը, որուն սկզբանկէտը Տաւուշի սահմանազատման փուլն էր, որ պարզապէս սկիզբն էր «բոլոր երկանց»։ Նոյնպէս հոս կը ծագի նաեւ մեծ հարցում մը։ Արդեօք Եկեղեցին իսկապէս իր կանաչ լոյսը տուա՞ծ էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանին, որպէսզի սահմանազատումն ու անկէ դժգոհ հանրութիւնը առաջնորդէ ու քայլերթով հասնի Երեւան՝ պահանջելու համար Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Թերեւս նոյնինքն եկեղեցին զարմացաւ, որ Բագրատ Սրբազան կարողացաւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ իր շուրջ հաւաքել այսքան մեծ զանգուած։ Սա նոյնքան անսպասելի էր թէ՛ ընդդիմադիր եւ թէ իշխանական շրջանակներուն համար։

 

Անվիճելի փաստ է, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վճռորոշ դերը այլեւս անուրանալի է։ Ընդունինք կամ ոչ, Երեւանի վերջին իրադարձութիւնները արդէն կը յուշեն, թէ Եկեղեցին ալ անխառն մասնիկն է Հայաստանի հասարակութեան եւ բաւարար ներուժ ունի հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ մէկը որոշ հունով մը առաջնորդելու։

Թերեւս եկեղեցական տեսակէտէն դիտուած՝ սխալ պիտի համարուի կամ նոյնիսկ սխալ համարեն, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այսքան խորունկ կերպով իր ըսելիքները հնչեցնէ հրապարակին վրայ, սակայն այստեղ պէտք է հաշուի առնել, որ Եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութիւնները կ՚անցնին «ներքին տագնապէ» մը եւ սա նոր չէ։

Իշխանափոխութեան առաջին ժամանակներուն, Եկեղեցին ողջունեց գործընթացները եւ նոյն Եկեղեցւոյ անդամ միաբան հայրերէն շատեր մասնակից դարձան Երեւանի հրապարակներու բողոքի քայլերթներուն, հաւաքներուն։ Այդ ողջունումը, սակայն, շատ կարճ տեւեց ու դանդաղօրէն մէջտեղ ելան բազմապիսի «արատներ», որոնք իրենց ստուերը նետեցին Եկեղեցի-իշխանութիւն՝ երկու կողմերուն համար ալ այդքան կարեւոր յարաբերութիւններուն վրայ։

Հաւանաբար առաջին կրակողը եղաւ Հայաստանի իշխանութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, որ կարծէք Եկեղեցիին ու յատկապէս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդէպ ունէր որոշ վերապահութիւններ՝ կապուած անցեալին հետ ու պայմանաւորուած՝ անոր նախկին իշխանութիւններուն հետ մշակած բաւական սերտ յարաբերութեամբ ու ծաւալած համագործակցութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը, որուն համար էական խնդիր էր փոխել բոլոր ձեւաչափերը, ընդ որում փոխել նաեւ համագործակցութեան մը սահմաններն ու սահմանումները, արագօրէն թիրախ դարձուց Եկեղեցին։ Սա պայմանաւորուած էր Եկեղեցւոյ առջեւ դրուած «նոր պայմաններ»ով, որոնց վերաբերեալ յստակ եւ բաց տեղեկութիւնները ցայսօր կը պահուին՝ որպէս «խորհուրդ խորին»։ Այս փուլէն անմիջապէս վերջ նկատելի դարձաւ, որ Եկեղեցի-իշխանութիւններ յարաբերութիւնը այս անգամ տարուեցաւ բանակցութեան սեղան, ինչ որ ամէն պարագայի մնաց ապարդիւն, իսկ հանդիպումներու բովանդակութիւնը դարձեալ պահուեցաւ քուլիսներու ետին։

Այդ օրերուն շատ խօսուեցաւ նաեւ այն մասին, թէ իշխանութիւնները նպատակ ունին ո՛չ միայն հարկային դաշտ բերել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, այլեւ իւրացնել ու պետական դարձնել բաւական մեծ ծաւալով կալուածները, որոնք կը պատկանին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։

Հանրութիւնը բաւական շփոթահար հետեւեցաւ այդ իրադարձութիւններուն՝ առանց արտայայտելու որեւէ ժխտական բառ կամ հարց տալու, թէ «Նիկոլ Փաշինեան, հիմա քեզի ուրիշ գործ չմնա՞ց, որ ելած ես եկեղեցւոյ ռոճիկները հաշուելու...»։ Թերեւս ժողովուրդին կողմէ այդ քար լռութիւնը պայմանաւորուած էր Հայաստանի առկայ ախտահար իրադրութեամբ, որով վարչապետին համար արտօնելի էր ամէն քայլ կատարել, հատել ամէն տեսակ կարմիր գիծ կամ նոյնիսկ Եկեղեցւոյ մեծաւորը անուղղակիօրէն թիրախ դարձնելը։

Այդ բանակցութիւններուն զուգահեռ Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուէր «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը, որուն հիմնական նպատակն էր տապալել Եկեղեցւոյ մեծաւորը։ Շարժման դիմաց եւս ու հակառակ անոր, որ Էջմիածնի ուժային մարմինները քիչ մը ուշացած, բայց, տեղին մօտեցումով մը ապահովեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալին անվտանգութիւնը, իշխանութիւնները լուռ մնացին, ստանձնեցին դիտողի դեր մը, որ աննախընթաց էր ո՛չ միայն Հայաստանի վերջին երեսուն տարուան տարեգրութեան, այլեւ անյիշելի ժամանակներու հայոց պատմութեան մէջ։

Յաջորդը մեծ կորուստներու փուլն էր, որուն դիմաց Եկեղեցին ստիպուած ու պարտաւոր էր յստակ եւ վճռական դիրքորոշումներու յանգելու։ Արցախի պատերազմի աւարտին ու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կրած մեծ պարտութենէն անմիջապէս ետք Մայր եկեղեցին շեշտադրուած բառերով դատապարտեց Նիկոլ Փաշինեանը ու կոչ ուղղեց, որպէսզի լքէ վարչապետի աթոռը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին միացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։ Այս քայլը եւ որդեգրուած կեցուածքը՝ յար եւ նման իշխանութեան որդեգրած տեսակէտներուն (Եկեղեցւոյ ու անոր գլուխին դէմ) անօրինակ էին ու առիթ դարձան, որպէսզի Փաշինեանի շուրջ համախմբուած ուժերը բանան իրենց ծանր հրետանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ։

Ահա, ամփոփ գիծերու մէջ, այսպիսի փուլերէ անցած է Եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութիւնը, որ այսօր արդէն հասած է անսրբագրելիութեան մը ափը։ Տխուր է, անշուշտ, որ օրհասի մատնուած երկիրը, որուն սահմանները դարձած են խոցելի, բանակը թոյլ է, հասարակութիւնը երկփեղկուած, ականատես դարձաւ այսքան մեծ լարուածութեան, որուն հաւանական վնասներն ու ժխտական ցոլքերը կրնան զգալի դառնալ ապագային եւս։

Այս բոլորէն վերջ հասնինք Եկեղեցւոյ կողմէ ստանձնուած նոր դերի փուլին, որ պայմանաւորուած է ուղղակիօրէն երկրի քաղաքական գործընթացներուն մաս կազմելու որոշումով։ Հոս եւս կան բազմապիսի հարցադրումներ, որոնք կը խօսին եկեղեցւոյ մէջ առկայ որոշ, տարատեսակ անհամաձայնութեանց մասին, որոնց փարատումը ունենալու համար յառաջ կը տարուի «Արցախի վէրք»ը ու մանաւանդ՝ այսօրուան Հայաստան հայրենիքը փրկելու առաջադրանքը։ Սա ինքնին եթէ մտահոգութիւն ու առաքելութիւն է Եկեղեցւոյ համար, ապա նաեւ կը պարունակէ մղիչ ու շարժիչ ուժ։ Ու այդ առաջադրանքները հաշուի առնելէ ետք Եկեղեցին սկսաւ յառաջ տանիլ համընդհանուր պայքարի մը դրոյթը, որուն սկզբանկէտը Տաւուշի սահմանազատման փուլն էր, որ պարզապէս սկիզբն էր «բոլոր երկանց»։ Նոյնպէս հոս կը ծագի նաեւ մեծ հարցում մը։ Արդեօք Եկեղեցին իսկապէս իր կանաչ լոյսը տուա՞ծ էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանին, որպէսզի սահմանազատումն ու անկէ դժգոհ հանրութիւնը առաջնորդէ ու քայլերթով հասնի Երեւան՝ պահանջելու համար Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Թերեւս նոյնինքն եկեղեցին զարմացաւ, որ Բագրատ Սրբազան կարողացաւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ իր շուրջ հաւաքել այսքան մեծ զանգուած։ Սա նոյնքան անսպասելի էր թէ՛ ընդդիմադիր եւ թէ իշխանական շրջանակներուն համար։

Բաց աստի, կայ նաեւ ուրիշ էական հարցում մը, որ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Բագրատ Սրբազանի ապագայ քայլերուն եւ ընելիքներուն։ Արդարեւ, նման շարժումի մը ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ գրեթէ անհասկնալի էր, որ Բագրատ Սրբազան Երեւան հասնելէ անմիջապէս ետք եւ արագօրէն պահանջեց Փաշինեանի հրաժարականը։ Այս քայլը, առնուազն վերլուծման փորձով մը կը բանայ Փանտորայի մեծ տուփը, որմէ կը թափին զանազան հարցադրումներ, որոնք կ՚ուզեն փարատել կարգ մը կասկած-մտավախութիւններ։

1- Արդեօք այս գործընթացը որոշակի պայմանաւորուածութիւններո՞վ յառաջ գնաց։

2- Ինչո՞ւ շարժումը դանդաղեցման նշաններ ցոյց տուաւ եւ ինչո՞ւ նոր ազդեցիկ դէմքեր չմիացան անոր։

3- Ի՞նչ էր Եկեղեցւոյ վերջնական կեցուածքը եւ ո՞ր սփիւռքեան թեմերու ընդհանուր նեցուկէն անդին՝ Մայր Աթոռի գահակալը մասնակից չդարձաւ գործընթացներուն։

4- Ի՞նչ պիտի ըլլայ Եկեղեցւոյ վերջնական վճիռը եւ արդեօք ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց, ինչ որ առումով բանակցութիւններ կը վարուին Եկեղեցւոյ եւ իշխանութեան միջեւ։

Ի հարկէ, վերոյիշեալներէն անդին կան նաեւ զանազան մակարդակի եւ զանազան առանցքի այլ հարցադրումներ, սակայն էականն այն է, որ այսօրուայ պատկերին հիմքով այս շարժումը դանդաղօրէն բռնած է խամրումի ճանապարհը եւ անոր շարքերուն մէջ յստակ կերպով երեւիլ սկսած են ընդդիմադիր այն դէմքերը կամ անունները, որոնք բացարձակապէս մերժուած կը մնան Հայաստանի մեծ հասարակութեան կողմէ։

Շա՞հ է այդ մէկը այս շաժումին համար կամ ոչ… Սա պիտի որոշեն շարժումի տէրերն ու Բագրատ Սրբազանը, բայց եւ այնպէս, անոնք պարտաւոր են մտածելու նաեւ Եկեղեցւոյ ընդհանուր վարկին մասին։

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի ժողովուրդին կարեւոր մէկ տոկոսը ինքզինք հեռու կը զգայ Եկեղեցիէն։ Սա ուրախառիթ իրականութիւն մը չէ, հարկաւ ու բոլոր առումներով ալ Հայաստանի մէջ հաւատացեալներու բանակը կամ պատմական անցեալով Հայոց Եկեղեցւոյ հետեւորդներու թիւը կը շարունակէ մնալ փոքրամասնութիւն։ Ու այս դիտարկումին կը յաջորդէ այլ հարցում մը. արդեօք այս շարժումը նոր ուժ մը, նոր եռանդ մը, նոր ազդեցութեան գօտի մը պիտի դառնա՞յ Եկեղեցւոյ համար։ Աւելին, ո՞վ պիտի կրէ այս շարժման հաւանական տապալման իրական հետեւանքները։ Եկեղեցին, որուն հաւատարիմ մէկ զաւակն է Բագրատ Սրբազանը, պատրա՞ստ է զինք զոհել կամ այրել քաղաքական այս փուլի անմիջապէս աւարտին։ Կամ թէ կա՞ն այլ ձեւաչափեր, որոնք կրնան կամուրջ դառնալ Եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։

Այս բոլորի լոյսին տակ կարելի է տպաւորուիլ, թէ Բագրատ Սրբազանի շարժումը արդէն տապալման սեմին է։ Յամենայնդէպս, իրականութիւնը այլ է, որովհետեւ վերջին տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ փողոցային պայքարի ճամբով իշխանափոխութեան հասնիլը համազօր է իրական հրաշքի, նաեւ հրաշքներու հաւատալու համար ալ շատ քիչ պատճառներ կան։

Վկայ Արցախի պարտութիւնը, վկայ Հայաստանի արտահերթ ընտրութեանց արդիւնքները եւ վկայ այն ժողովրդային նեցուկը, որ մինչեւ վերջերս (այս «մինչեւ վերջերս»ը շատ կարեւոր է) կը վայելէր Նիկոլ Փաշինեանը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...