image

Պէյրութի մէջ. «Ֆայհա» երգչախումբի փայլուն ելոյթը (Լուսանկարներ)

 Պէյրութի  մէջ. «Ֆայհա» երգչախումբի փայլուն ելոյթը (Լուսանկարներ)

Օրերս  հանրայայտ խմբավար՝ Պարգեւ Թասլաքեանի ղեկավարած «Ֆայհա» երգչախումբը բացառիկ ելոյթով մը պատուած է լիբանանահայութիւնը։

Այս մասին գրութիւն մը պատրաստած է Կարօ Աղազարեան Պէյրութի «Ազդակ»ին համար։

Ստորեւ այդ գրութեան հիմնական  հատուածները։

Կիրակի, 9 յունիս 2024-ին, քաղաքի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցի փութացած էին գաղութի կրօնական, ազգային, բարեսիրական, միութենական պատասխանատուները` ականատես վկան դառնալու «Ֆայհա» երգչախումբի հայերէն իւրայատուկ համերգին եւ Հայ ազգային բուժարանի 100-ամեակի նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսին:

Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան անունով Սօսի Փոլատեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ յիշեց ձեռնարկին առիթը` 1923-էն ի վեր տարբեր ախտերու բուժման, իսկ ներկայիս ծերերու հոգատարութեան կեդրոնի` Հայ ազգային բուժարանի հարիւրամեակի նշում: Ան դիտել տուաւ, որ Ազունիէն կը վայելէ հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:

Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ բուժարանը խորհրդանիշն է` մեր ազգային պատմութեան, համերաշխ եւ ներդաշնակ գործունէութեան, իրական ու գործնական հայրենասիրական աշխատանքին, աւելցնելով, որ անիկա ծառայեց ու կը ծառայէ ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ Լիբանանի, դրացի երկիրներու եւ արտասահմանի հայութեան եւ օտարին` հանդիսանալով երախտագիտական գործնական արտայայտութիւնը` հանդէպ Լիբանանի ժողովուրդին, որ սրտբաց հիւրընկալեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները:

«Ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը նախանձախնդիր է, որ հոն ապաստան գտնողները հարկ եղած հոգատարութիւնը ստանան առողջ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ, ինչպէս նաեւ ան կը գիտակցի համահայկական այս հաստատութեան դերին եւ կ՛ուխտէ միասնաբար մեզի հասած այս թանկարժէք ժառանգը փոխանցել ապագայ սերունդներուն: Թէեւ մարտահրաւէրները` քաղաքական, նիւթական եւ տնտեսական, շատ են, իսկ կարիքները` հսկայական, սակայն վստահելով ձեր բոլորին աջակցութեան եւ սրտբաց նուիրատուութեան` նորանոր ծրագիրներ կը մշակուին», ըսաւ ան: Ս. Փոլատեան շնորհակալութիւն ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք բուժարանի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս տարբեր ձեւերով զօրավիգ ու նեցուկ հանդիսացած են այս կառոյցին:

Այնուհետեւ անգլերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց դարձեալ Սօսի Փոլատեան:

«Ֆայհա» երգչախումբը, որ կը բաղկանար աւելի քան 75 անդամներէ (մեծ մասը` լիբանանցիներ, երկու հայեր) իր համերգը սկսաւ հայրապետական օրհներգով: Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան ընթացքին անգիր կերպով, հմտութեամբ եւ ա քապելա եղանակով երգչախումբը մատուցեց Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, Զարեհ արք. Ազնաւորեանի, դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի դասական, ժողովրդային ստեղծագործութիւնները: Որքա՜ն խորհրդաւոր էր լսել նոյնինքն սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի քաղցրահունչ մենակատարութեամբ Կոմիտասի «Չինար ես»-ը, Էտկար Յովհաննիսեանի «Ձիւն է գալիս»-ը, Կանաչեանի «Օրօր»-ը` երգչախումբին ընկերակցութեամբ: Այստեղ առանձնակի պէտք է յիշել Կանաչեանի ծաւալուն «Նանօր» ստեղծագործութեան ներկայացումը, որուն կատարողական բարձր մատուցումը արժանացաւ ներկաներու բուռն գնահատանքին: «Ֆայհա» երգչախումբը իր ծրագիրին մէջ ներկայացուց նաեւ արաբերէն ազգագրական երգեր: Անշուշտ այս բոլորին ետին կան մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի բծախնդիր աշխատանքն ու ճիգը` երաժշտութիւնը առհասարակ, իսկ հայ երաժշտութիւնը առանձնապէս բարձրորակ, համահունչ կերպով ներկայացնելու արուեստասէր հասարակութեան: Համերգը, որ վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով, արժանացաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն, որոնք բարձր մակարդակով ելոյթ մը ունկնդրելու բախտաւորութիւնը ապրեցան: Յոյժ գնահատելի են խնամակալութեան այս նախաձեռնութիւնն ու «Ֆայհա» երգչախումբին հայերէնով ելոյթն ու անոր գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանին ջանքն ու կորովը:

Համերգէն անմիջապէս ետք Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կը նշենք հարիւրամեակը Հայ ազգային բուժարանին, որ ծնունդ առաւ հայոց պատմութեան տարագրութեան փուլին, սակայն դարձաւ խորհրդանիշը մարդկային տոկունութեան եւ հրաշքներու համազօր նախաձեռնութիւններու իրականացման, իսկ նման կառոյցի մը հարիւրամեակը նշելով` անպայման անհրաժեշտ է խոնարհիլ ընկրկիլ չգիտցող մեր ժողովուրդի ոգիին առջեւ:

«Ցեղասպանութենէն ճողոպրած լիբանանահայութիւնը հազիւ սկսած էր ինքնակազմակերպման եւ գոյատեւման իր պայքարին, երբ վրայ հասաւ թոքախտի համաճարակը,  որ ներհայկական համախմբումով հաստատեց Հայ ազգային բուժարանը առաջին տարիներուն Մաամըլթէյնի եւ ապա Ազունիէի մէջ:

«Հայ ազգային բուժարանին ուշագրաւ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղած է իր տնտեսական-ելեւմտական երբեմն հաստատ, երբեմն անհաւասարակշիռ վիճակը, որուն կայունացման համար իրենց բարերար հոգիով մեծապէս սատարած են հայերը` աշխարհի բոլոր անկիւններէն: Այդպէս էր անցեալին, նոյնն է նաեւ այսօր. նուիրատուութիւններով, կտակներով եւ հանգանակութեամբ անհատներ եւ միութիւններ համախմբուած են այս իւրայատուկ հաստատութեան շուրջ` երաշխաւորելու համար անոր շարունակական առաքելութիւնը», դիտել տուաւ ան: Այս առիթով Յ. Լատոյեան սրտագին երախտագիտութիւն յայտնեց` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, 1923-էն ի վեր զինք նախորդած բոլոր կաթողիկոսներուն, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ զինք նախորդած բոլոր վերապատուելիներուն, բոլոր նախկին եւ գործող, ապրող եւ առյաւէտ բաժնուած խնամակալութիւններուն, բժիշկներուն, բուժքոյրերուն եւ անձնակազմին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքով դրոշմ մը ձգեց բուժարանի հարիւրամեակի երթին մէջ: Ան յատուկ կերպով յիշեց նաեւ Նիւ Եորքի Հայ բժիշկներու միութեան օժանդակութիւնը, որ տարիներու վրայ եւ մնայուն ձեւով նիւթական եւ բարոյական իր զօրակցութիւնը ունեցած է:

Լատոյեան լուսարձակի տակ առաւ հարիւրամեակին առիթով լոյս տեսած յուշամատեանը, որուն հրատարակութեան մասնակցած են Կարօ Տէրունեանը` ուսումնասիրութիւններով եւ արխիւներու համախմբումով, Վարուժան Թէնպէլեանը` խմբագրութեամբ, Սագօ Գասապեանը` գրաշարութեամբ, էջադրումով, կողքի պատրաստութեամբ ու տպագրութեամբ, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, որուն մեկենասութեամբ հրատարակուեցաւ հատորը: Ան մանրամասնեց, որ յուշամատեանը կ՛ընդգրկէ պատմական, վաւերագրական, լուսանկարներու, խնամակալութեան կազմերու, պաշտօնէութեան եւ բժիշկներու անուանացանկերը, ինչպէս նաեւ` կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ այցելութիւններու նկարներու փունջ մը, անիկա երկրորդ հրատարակութիւնն է, իսկ առաջինը հրատարակուած է 1939-ին: «Յուշամատեանը նաեւ գաղութի պատմութիւնն է: Խնամակալութիւններու, բժիշկներու եւ տնօրէններու անունները ինքնին կ՛ապացուցեն մեր գաղութի ներուժը եւ կամաւոր աշխատանքին կորովը», դիտել տուաւ ան:

Յակոբ Լատոյեան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ 200.000 քառ. մեթր տարածութիւն ունեցող բուժարանին ներկայի պատկերին եւ վերջին շրջանին կատարուած ու ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն մասին` մատուռի վերանորոգութիւն, առաջին եւ երկրորդ յարկի նորոգութիւններ եւ բարեզարդումներ, խոհանոցի մասնակի նորոգութիւններ, ջեռուցումի արեւային վահանակներու նորոգութիւն, Նիւ Եորքի Հայ բժիշկներու միութեան կողմէ կատարուած աւելի քան 30.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ ելեկտրականութեան արեւային վահանակներու զետեղում, քարոզչական, բարեզարդման եւ ընկերային կամաւոր աշխատող կիներու օժանդակ խմբակի կազմութիւն, պարտէզներու վերադասաւորում եւ մաքրութիւն, ծառատնկում, ջրհորի ջուրի զտում: Ան աւելցուց, որ այս կազմակերպչական աշխատանքներէն անդին` Հոթել Տիէօ հիւանդանոցին հետ տոքթ. Համբիկ Քուրիէի ջանքերով եւ աշխատանքով արդէն պատրաստուած է գործակցութեան հեռանկարային ծրագիր մը, որպէսզի քանի մը տարուան ընթացքին Ազունիէն ունենայ հիմնական յատուկ չորս բաժանմունքներ` թոքախտի կեդրոն առանձին շէնքով,  պատսպարեալներու կազդուրման կեդրոն, կարճ ժամանակի բժշկական խնամք, հոգեբուժական ու հոգեբանական հարցերու յատուկ խնամքի կեդրոն:

«Մեր փափաքն է, որ գաղութին մէջ Ազունիէն ըլլայ բոլորին հասցէն, եւ աշխատանք տարուի, որ անտէր ծերեր չունենանք», ըսաւ  Լատոյեան` յիշելով գաղութի կեանքի բարւոք դառնալուն համար գործող այս կառոյցներն ալ եւ հաստատելով, որ նիւթականը հիմքն է այս բոլորին, բայց` ոչ բաւարար պայման. «Անոնց կառավարման եղանակն ու արդիականացումը մեծապէս կը նպաստեն անոնց մարդկային եւ նիւթական յառաջդիմութեան: Կարծէք ժամանակը հասած է, եթէ արդէն ուշ չէ, քննական մտածողութեամբ ղեկավարելու մեր հաստատութիւնները եւ զանոնք երիտասարդականացնելու ոչ միայն տարրերով, այլ նաեւ` արդիականացման պահանջները գոհացնող նորարարութիւններով», եզրափակեց ան` շնորհակալութիւն յայտնելով հարիւրամեակի հանդիսութեան մասնակցած մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանին եւ «ՖԱՅՀԱ» երգչախումբին, ինչպէս նաեւ` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի 100-ամեակին առիթով:

Աւարտին բուժարանի առաւել բարգաւաճման, ծառայութեան շարունակականութեան բարեմաղթանքները կատարեց եւ իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Նշենք, որ բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ մուտքին ստացան Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի 100-ամեակի յուշամատեանէն օրինակներ: Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ բոլոր հրաւիրեալները շնորհաւորեցին  խնամակալութիւնը` յոբելենական հանդիսութեան առիթով: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: