Օրերս Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ, Vrije համալսարանի աւարտական հանդէսին, Լարա Չոլաքեան- Տուտագլեան արժանացած է 2024-ի համալասարանի լաւագոյն դասախօսի պարգեւին:
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն:
Լարա Չոլաքեան-Տուտագլեան ծնած է Թորոնթօ, սակայն մօտ 20 տարի առաջ ամուսնոյն Ռաֆֆիի հետ փոխադրուած է ու հաստատուած Հայաստան։ Ան 3 զաւակներու մայր է: Լարա Չոլաքեան տիրացած է Քաղաքական Գիտութեանց պսակաւոր աստիճանին Գանատայի մէջ, ապա ստացած է ընկերային-տնտեսական զարգացման մագիստրոսի տիտղոսը Սորպոնէն: Մեր հայրենակցուհին իր դոկտորութեան տիտղոսը ստացած է Ամսթերտամի VU-ի մէջ: Ան երկար ժամանակահատուածով մը գործած է, որպէս Հայաստանի հեռահաղորդակցութեանց «ՎիվաՍել-ՄԹՍ» ընկերութեան մարդկային ներուժի վարչութեան պետ։
Պարգեւատրուելու ուրախ առիթով Լարա գրառում մը ըրած է իր դիմատետրեան էջին, ուր մասնաւորապէս ըսած՝
«Օրերս Ամսթերտամի VU MBA-ի (Vrije համալսարանի Ձեռնարկատիրութեան կառավարման մագիստրոս) աւարտական հանդէսի ժամանակ ես ստացայ 2024-ի գերազանց դասախօսի պարգեւը:
Թէեւ խորապէս տխուր էի, որ այնտեղ չէի, իմ գործընկերներուս եւ ուսանողներուս հետ ուրախանալու, սակայն երախտապարտ եմ, որ ինծի թոյլ տուին քանի մը խօսք ըսելու Երեւանէն:
Որքան հպարտ էի տեսնելով, որ մեր ուսանողները կ'աւարտեն ծրագիր մը, որ կը պատրաստէ առաջնորդներ, որոնք պիտի զբաղուին տարբեր հասարակութիւններու խնդիրներու լուծումներ որոնելու առաքելութեամբ ժամանակի մը մէջ, երբ մեր աշխարհը այդպիսիներու կարիքը շատ ունի:
Շնորհաւոր ըլլայ, սիրելի շրջանաւարտներ: Դուք մեզի յոյս կու տաք աւելի լաւ աշխարհի եւ աւելի պայծառ ապագայի մասին: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իմ սրտիս մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի, այդ իսկ պատճառով այս պարգեւը կը դառնայ աւելի իւրայատուկ:
Կը շնորհաւորենք VU EMBA տնօրէններն եւ անձնակազմը այս կարեւոր ծրագիրի հիմնասիւները ըլլալու համար: Ձեր կողքը ըլլալս իրապէս մեծ պատիւ է:
Ես կը քաջալերեմ իմ բոլոր գործընկերներս, ընկերներս եւ անոնց ընկերները, որ ծանօթանան մագիստրոսական այս եզակի ծրագիրներուն, որոնցմով, անկասկած, պիտի ոգեւորուին:»
Այս գեղեցիկ առթիւ «Արեւելք» իր շնորհաւորութիւնները կը կցէ, մաղթելով Տիկն. Լարա Չոլաքեան-Տուտագլեանին աւելի բարձր եւ յաջողակ նուաճումներ։