image

«Հայկական շունչով ապրող իրականութիւն» ՀԲԸՄ-ի հիմնադրած «Հայկական համացանցային համալսարան»ը 15 տարեկան

«Հայկական շունչով ապրող իրականութիւն» ՀԲԸՄ-ի հիմնադրած «Հայկական համացանցային համալսարան»ը  15 տարեկան

«Հայկական շունչով ապրող իրականութիւն» ՀԲԸՄ-ի հիմնադրած «Հայկական համացանցային համալսարան»ը  15 տարեկան. զրոյց՝ Զեփիւռ Ղպլիկեան-Թամերեանի հետ 

Մեր հարցերուն կը պատասխանէ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (Armenian Virtual College) Արեւմտահայերէն բաժնի համակարգող եւ հեռավար ուսուցիչ՝ Տիկն. Զեփիւռ Խպլիկեան-Թամերեան։

Հայկական Համացանցային Համալսարանը 2009-էն ի վեր կը գործէ։ Ի՞նչ են տեսանելի արդիւնքները։

Հայկական Համացանցային Համալսարանի՝ AVC-ի առաքելութինն է հայերէն սորվիլ փափաքողներուն եւ աշխարհով մէկ սփռուածհայկականվարժարաններուն նեցուկ հանդիսանալ։ Այսօրուան տուեալներով անհատ ուսանողներուն թիւը հասած է 41 111-ի, իսկ մեր ծրագիրներուն հետեւող դպրոցներուն, համայնքային կեդրոններուն  եւ համալսարաններուն թիւը՝ 66-ի:  Այն գաղութները, որոնք հայկական վարժարաններ չունին, եւ կ՚ուզեն իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալ, մեզիկը դիմեն, որպէսզի այդ բացը ամբողջացնենք։ Իսկ այն գաղութները, որոնք տարիներէ ի վեր գործող եւ լաւ արդիւնքտուող հայկական վարժարաններ ունին, նոյնպէս կը դիմեն. մենք այդ վարժարաններուն մերպատրաստածդասերէն կը տրամադրենք եւ ուսուցիչները այդ դասերուն միջոցով կը հարստացնեն՝ կը լրացնեն իրենց ունեցած ծրագիրը։ Օրինակ, մենք կը գործակցինք Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին հետ, որշատ մեծ ույայտնիվարկ ունեցող դպրոց մըն է։ Մեսրոպեան վարժարանին համար պարբերաբար, ազգային տարբեր տօներու նուիրուած առցանց ձեռնարկներ կը պատրաստենք, երբեմն ալ առցանց շրջագայութիւններով՝ թանգարաններ կ՚այցելենք։ Աշակերտները իրենց դասերուն զուգահեռ, նոր գիտելիք կը ստանան: Ինչպէս գիտէք, կարգ մը գաղութներու դպրոցները հայոց պատմութեան դասեր՝ ծրագիր չունին։ Մենք հայոց պատմութեան դասեր կը տրամադրենք։Կան հայեր, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով, չեն կրցած հայկական վարժարան յաճախել, եւ որոշ տարիքի մը հասնելէն ետք կ'ուզեն հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն սորվիլ։ Հայկական ՀամացանցայինՀամալսարանը, իր տրամադրած անվճար դասերով կու գայ այդ բացը լրացնելու։

 

Այս առումով կ՚ուզէի իմանալ, թէ ինչպիսի՞ն եղած է Միջին Արեւելեան գաղութներու արձագանգը այս ծրագիրներու կապակցութեամբ։ Պիտի խնդրեմ, որ ընդհանուր պատկեր մը տաք։ Դժուարութիւններ եղա՞ծ են արդեօք։ Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելեան մեր գաղութները, Պոլիսն ալ եթէ ներառենք, որոշ աւանդապաշտութիւն մը ունին դպրոցական միջավայրին առընթեր։ Կարողացա՞ք այդ առումով դրականիրավիճակ մը ստեղծել։

Անշուշտ դրական է մերփորձը։ Պոլսոյ մէջ ալ կան վարժարաններ, որոնց հետ կը գործակցինք։ Կը գործակցինք նաեւ Հալէպի, Պէյրութի եւ Գահիրէի կարգ մը վարժարաններուն հետ։ Մեզի համար ուրախութիւն է Մերձ. Արեւելքի գաղութներու հետ համագործակցիլը։ Մենք նախ կը ծանօթանանք դպրոցներու գործունէութեան: Իւրաքանչիւր գաղութ, իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր խնդիրը կամ պահանջքը: Այդ պահանջքին հիման վրայ կը ներկայացնենք մեր ունեցած ծրագիրները, կամ վերատեսութեան կ'ենթարկենք մեր ունեցած ծրագիրները եւ երբեմն ալ կը պատրաստենք նորերը, նկատի ունենալով, որ մեր տասնհինգ տարուան փորձառութիւնը եւ արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած փորձը այդ առիթը կ'ընձեռէ:

 

Առ ի հետաքրքրութիւն, երկու կեդրոնական գաղութներ նշանակենք, օրինակ՝ Պէյրութը եւ Պոլիսը, ինչո՞վ կը տարբերին անոնց կրթական-հայագիտականպահանջքները իրարմէ։

Քանի մը օր առաջ, Պոլսոյ մէջ գործող դպրոցի մըհայերէնի ուսուցչուհիներէն մէկուն հետ կը զրուցէի: Ան ըսաւ, որ երեխաներուն համար,այբուբենը հաճելի ձեւով սորվեցնելու ծրագիր մը չունին։ Անմիջապէս առաջարկեցի հետեւիլ մեր հայերէն լեզուի դասընթացքի առաջին մակարդակի դասերու այն բաժինին, ուր ամբողջ այբուբենը եւ առօրեայ հաղորդակցութեան պարզ բառապաշարը կրնան սորվիլ շատ հաճելի ձեւով՝ պատկերներով, տեսանիւթերով եւ  խաղատիպ վարժութիւններով։ Բնականաբար այս ծրագիրը կրնայ բաւարարել Պոլսոյ տուեալ վարժարանի պահանջքը: Պէյրութի մէջ գործող վարժարանը կրնայ այս խնդիրը չունենալ, որովհետեւ աշակերտները ընդհանրապէս հայախօս են: Հետեւաբար, պէյրութահայ երեխային տարբեր բան մը պիտի հրամցնես, օրինակ՝ այբուբենի վերաբերեալ յաւելեալ գիտելիքներ պիտի տրամադրես, այբ բեն գիմի նուիրուած ոտանաւոր մը, կամ երգ մը պիտի սորվեցնես։ 

Արամեան-Ունճեան Վարժարանի դ. դասարանի սաներ

 

Այսօր, հայախօսութիւնը ի՞նչ մակարդակի վրայ է։ Եթէ գաղութներու քարտէսը գծենք եւ մէկէն տասը ուզենք նշանակել։ Ո՞ւր աւելի խոցելի է վիճակը։ Այդ առումով դուք առաքելութիւն մը ունի՞ք ընելիք։

Այդ դասաւորումներուն մէջ չեմ ուզեր մտնել։ Կը նախընտրեմ ըսել, որ եկէք բոլորս՝ դպրոց, համայնք, եկեղեցի, ընտանիք, առցանց կառոյցներ, համալսարաններ եւ կազմակերպութիւններ այնպէս մը աշխատինք, որ օրին մէկը չստիպուինք նման դասաւորումներու աշխատանքով զբաղելու։ Դրական օրինակ մը տամ։ Բոլորս գիտենք, որ Լատին Ամերիկայի մէջ հայասէր եւ Հայաստանասէր խոշոր գաղութներ կան։ Այս օրերունՊրազիլի համայնքի պահանջքով, մենք արդէն ունինք փորթուկալերէնով դասաւանդուող հայոց լեզուի դասընթացք։ Անշուշտ գիտէք, որ Հայոց լեզուի դասընթացքը կը ներկայացնենք դասաւանդման եօթը լեզուներով: Բայց հիմա ունինք ուսուցանող ութերորդ լեզուն՝ փորթուկալերէնը: Ուսանողները առաջին մակարդակը արդէն ամբողջացուցին եւ անցան երկրորդ մակարդակին։ Տեղեկացնեմ, որ փորթուկալերնով սորվող ուսանողներուն թիւը երթալով կ՚աւելնայ։ Ասիկա ոչ միայն յաջողութեան նշան է, այլեւ յուսադրող է.գաղութ մը, որ մենք կը կարծէինք, թէ ամբողջովին սպանախօս է կամ միայն փորթուկալերէն կը խօսի, ահա ջանք կը թափէ հայերէն սորվելու եւ խօսելու համար։ Ի միջի այլոց նշեմ, որ այս ծրագիրը տեղի կ՚ունենայ համագործակցաբար Պրազիլիոյ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղին հետ։ 

 

Այս ծիրէն ներս հարցում մը միտքս եկաւ։ Արդեօք հայոց պատմութեան միացեալ դասագիրք մը ունենալու յոյսը կա՞յ։ Դուք, որ կապ կը հաստատէք տարբեր գաղութներու հետ, այս նիւթին շուրջ որեւէ յառաջխաղացք նկատած է՞ք։

Ցանկալի կ՚ըլլար, եթէ բոլոր դպրոցները հայոց պատմութեան մէկ միասնական ծրագիր մը ունենային եւ բոլորս նոյն պատմութիւնը սորվէինք։ Բայց խնդիրը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ մենք՝ հայոց պատմութիւնը երկու տարբեր մօտեցումով կը սորվինք։ Կամ կը սորվինք, այնպէս ինչպէս մեզի հասած  է մեր մատենագիրներէն եւ կամ կը սորվինք ակադեմական՝ գիտականօրէն հաստատուած հայոց պատմութիւնը։ 

Իրականութեան մէջ, ներկայիս, ընդհանրապէս կը սորվինք Հայց պատմութեան մէջ յիշատակուած կարեւոր թուականները, դէպքերը եւ իրադարձութիւնները:  Չեմ ուզեր մեղադրել ո՛չ դպրոցները, ո՛չ ալ ուսուցիչները: Սփիւռքի մէջ, հայոց պատմութիւնը հիմնական ձեւով դասաւանդելու յատուկ ծրագիր մը չունինք։ Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, թէ  եթէ դպրոց մը շաբաթական վեց պահ տրամադրած է հայոց լեզուի համար, ապա ուսուցիչը ստիպուած այդ դասապահերէն մէկը միայն հազիւ կրնայտրամադրել հայոց պատմութեան:Մէկ խօսքով, պատմութեան դասաւանդումը կը դառնայ կամայական, ըստ տուեալ ուսուցիչի եւ դպրոցի ունեցած մօտեցումին եւ հայերէնին ու հայոց պատմութեան յատկացուած դասապահերու քանակին:

 

Ձեր առաքելութեան մէջ նաեւհաւաքական հարթակ մը ստեղծելու ճիգը կա՞յ։

Այո՛, անշուշտ: Մենք ունինք կրթական հարթակ մը, որ բաց է բոլոր ուսուցիչներուն համար: Եթէ ուսուցիչմը ինչ որ հարցում ունի կամ որեւէ օգնութեան կարիքը կը զգայ,կրնայ դիմել մեզի այդ հարթակին ընդմէջէն։ Օրինակ՝ եթէ ուսուցիչը հանդէս պիտի պատրաստէ եւ հանդէսի նիւթի պատրաստման համար օգնութեան պէտք ունի, կրնայ  մեզի դիմել եւ մենք, բոլորս, հարթակին մասնակցած ուսուցիչներուն հետ,  անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը տրամադրենք: Ամէն բան կը փորձենք ընել, որպէսզի հայկական շունչով ապրող իրականութիւն մը ունենանք. ընդգրկենք հայորդիները՝ լեզուով, պատմութեամբ, մշակոյթով, անկախ անհատի բնակավայրէն, տարիքէն եւ հայերէնի իմացութեան մակարդակէն։

 

Այլ կաեւոր նորութիւններու մասին պիտի ուզէի, որ խօսիք։

Արդէն խօսեցանք փորթուկալերէնով աւանդուող մեր հայոց լեզուի դասերուն մասին։ Ըսեմ նաեւ, որ մեր հայոց լեզուի դասերը միշտ կը վերամշակուին՝ հիմք ընդունելով միջազգային փորձը, մեր փորձառութիւնը եւ ուսանողներէն եկած կարծիքները։ Ամէն մէկ ուսումնական շրջանին, ուսանողներուն երկու անգամ հարցաշար կը ղրկենք, որպէսզի գիտնանք անոնց տպաւորութիւններն ու կարծիքները։ Տարիներու ընթացքին հաւաքուած հարցախոյզերու քննարկումէն ետք, դասերը վերամշակուեցան։ Հիմա, հայոց լեզուի դասընթացքը հասանելի է վերամշակուած, միջազգային չափանիշներու վրայ հիմնուած տարբերակով (A1, A2, B1, B2, C1, C2, շարքով)։ Հայոց լեզուի դասընթացքի վերամշակուած տարբերակը մեր յաղթանակն է, որովհետեւ դասերը կազմուած են հեղինակութիւն ունեցող յայտնի մասնագէտներու ճիգերով եւ յագեցած են ճարտարագիտութեան նորարար միջոցներով:  Այս դասերուն մէջ, մենք ունինք պատկերաշարժեր (animation), որ հաճելի միջոց մըն է սորվելու, մասնաւորաբար՝ քերականութիւնը։ Ունինք նաեւ երկխօսութիւններ (տիալոկներ ՝ Խմբ. Ս. Արեան), որոնքտեսանիւթիձեւով կը տրամադրուինթէ՛ արեւմտահայերէնեւ թէ՛ արեւելահայերէն տարբերակներով։ Առաւել, ուսանողները այս դասերուն կրնանհետեւիլ բջիջային հեռաձայնով։ Առաւելութիւն մը եւս կ՚ուզեմ նշել, որ շատ կարեւոր է. դասերը մեր կայքի մէջկան(կայքի հասցէն՝ https://www.avc-agbu.org/), բոլորը կրնան արձանագրուիլ եւ ինքնուրոյն հետեւիլ ու սորվիլ: Բայց Հայկական Համացանացային Համալսարանը ունի հեռավար ուսուցիչներ, որոնք պատրաստ են ուղեկցելու ուսանողին՝ ուսումնառութեան ամբողջ ընթացքին: Եթէ աշակերտը փափաքի ուսուցիչին հետ խօսիլ, անձամբ հարցում մը տալ, ապահեռավար ուսուցիչները միշտ պատրաստակամ են աջակցելու եւ օգնելու:  Իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի ընթացքին, որուն տեւողութիւնը ութը շաբաթ է, հեռավար ուսուցիչները խմբային հանդիպումներ,  առցանց ձեռնարկներ կամ առցանց շրջագայութիւններ կը կազմակերպեն: Այդ ձեռնարկներէն կ'ուզեմ յիշել Ապրիլին, Մեծ Եղեռնի նուիրուած ձեռնարկը։ Յատուկ տեսանիւթ մը պատրաստեցինք եւ հրաւիրեցինք մեր բոլոր ուսանողները մասնակցելու այդ առցանց ձեռնարկին: Պատմական փաստացի տեղեկութիւններու վրայ հաստատուած նիւթով ցոյց տուինք, թէ այնքան ատեն, որ մեր արդար պահանջատիրութիւնը անպատասխան պիտի մնայ, ապա միշտ ալ պիտի ենթարկուինք նոր ողբերգութիւններու:  

Նորութիւններու մասը աւարտելով յայտնեմ, որ վերջերս մեր ուսանողներու փափաքին ընդառաջելով սկիզբը դրինք Հայ գրականութեան դասընթացքին: Վստահ ենք, որ այս դասընթացքը մեծ ընդունելութիւն պիտի գտնէ անհատ ուսանողներու եւ հայկական դպրոցներու մէջ:

 

Վերջին խօսք ի՞նչ ունիք ըսելու այս ծիրէն ներս։

Կ՚ուզեմ իմ անհատական փորձառութեամբս կիսուիլ:Հալէպի մէջ,  2014-էն առաջ, բարձր կարգերու աշակերտներունհայոց լեզուի կողքին,  հայոց պատմութեան դասեր կու տայի ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Հայոց պատմութեան դասընթացքի ծրագիրով: Աշակերտները սիրով կը հետեւէին դասերուն եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը կատարէին խաղատիպ, ներգործօն վարժութիւնները: Այս դասընթացքը առիթ դարձաւ, որ աշակերտները սիրելով սորվին հայոց պատմութիւնը: Այս օրինակը բերի, ըսելու համար, որ մենք, որպէս ուսուցիչներ, որպէս դպրոց եւ որպէս համայնք պէտք է բաց ըլլանք լաւ նորութիւններու առջեւ։ Ինչ որ նորութիւն կ՚ըլլայ կրթական աշխարհի մէջ, մենք պարտաւոր ենք հետեւելու այդ նորութեան եւ անոր միջոցով  թարմութիւն մը հաղորդելումեր հայագիտական աշխարհին։

 

 Սագօ Արեան