Ամէնակարեւորը սակայն այն է թէ ռամկավարութիւն (democracy) եւ ժողովրդավարութիւն դաւանող երկրի մը մէջ, մինչ սովորական երեւոյթ է իշխող կառավարութեան մը նկատմամբ տեսնել ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին դժգոհութեան եւ բողոքի առօրեայ արտայայտութիւնները, սակայն այդ իշխանութիւնը փոխելու միակ միջոցը օրինական արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններն են, որոնք, պարտին տեղի ունենալ հետեւելով Սահմանադրութեան նախատեսած օրէնքներուն:
Հետեւաբար նկատի առնելով մեր այս գրութեան մէջ մատնանշած բոլոր առարկայական տուեալները եւ իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող փողոցի անկարգութեան վերածուած՝ անընդունելի գործելակերպը, կուզենք յստակօրէն այժմ կողմնորոշուիլ յայտարարելով թէ, անորոշ քաղաքական արտայայտութիւնները, փողոցներ փակելը, վարչապետի հրաժարական պահանջելը անգործնական, անվստահելի եւ հետեւաբար անընդունելի միջոցներ են իշխանութեան որեւէ փոփոխութիւն իրականացնելու համար: Միակ ընդունելի ձեւը կը կայանայ օրինական միջոցներու կիրարկումով, ջանալ մօտ ապագային կայացնել արտահերթ ընտրութիւններ եւ եթէ ընդդիմութիւնը այսօր չունի համապատասխան միջոցները, սպասել մինչեւ 2026 թուին Հայաստանի յաջորդ հերթական ընտրութիւններու կայացման՝ որպէսզի այդ առիթով ջանան փոփոխութեան ենթարկել երկրին իշխանութիւնները:
Տաւուշի Շարժման Մեր Ակնարկներէն, Դէպի Եզրակացութիւն
Աւելի քան ամիս մը անցաւ այն օրէն ուր Տաւուշի շրջանին մէջ կատարուած սահմանագծման աշխատանքներուն դէմ ծայր տուած բողոքը ձեւաւորուեցաւ որպէս «Տաւուշի Շարժում Յանուն Հայրենիքի», գլխաւորուած՝ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կողմէ: Այս Շարժումը նախաձեռնեց քայլերթ մը դէպի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը ուր Մայիսի 9-ին տեղի ունեցաւ 31 հազար մասնակցողներով հանրահաւաք մը, եւ այդ օրն իսկ Շարժումին ղեկավար Սրբազանը մէկ ժամ պայմանաժամով պահանջեց վարչապետ Փաշինեանին հրաժարականը: Անկէ ետք իշխանութիւնները գլխաւորութեամբ վարչապետ Փաշինեանին՝ շարունակեցին բնականոն ձեւով վարել պետական վարչակարգը, մինչ Շարժումը նախաձեռնեց քաղաքացիական անհնազանդութեան՝ յատկապէս փողոցներ փակելու գործողութիւններ:
Մեր մամուլով որոշակի մտահոգութեամբ հետեւեցանք այս բոլորին եւ բաւականացանք ժամանակաւորապէս՝ միայն լրատուութեամբ՝ «Ակնարկ» վերնագրի տակ՝ արձագանգել տեղի ունեցող զանազան զարգացումներուն:
Այսօր, աւելի քան ամիս մը ետք՝ անհրաժեշտ կը նկատենք ստեղծուած այս արտակարգ վիճակին հակիրճ վերլուծումը առարկայօրէն կատարելով, կողմնորոշուիլ եւ բնորոշել հայրենի ժողովուրդէն եւ իշխանութիւններէն մեր պահանջը, որպէսզի Հայաստանը մնայ քաղաքակիրթ երկիրներու մեծ ընտանիքին ռամկավար (democratic) եւ ժողովրդավար մէկ անդամը եւ ան ենթարկուած մնայ միայն մեծամասնութեան կամքին գործադրութեան:
Աւելորդ է յիշեցնել թէ Հայաստանը իր աշխարհաքաղաքական դժուարագոյն դիրքով եւ վերանկախացման յաջորդող աւելի քան երեսուն տարիներու իրարյաջորդ իշխանութեանց վարած յաճախ հակասական քաղաքականութեանց իբրեւ հետեւանք, 2020 թուականէն ետք նաեւ ամբողջ Արցախը կորսնցնելէ ետք, շրջապատուած գիշատիչ դրացիներով, այժմ կը գտնուի քաղաքական՝ մեղմ ասած, դժուարագոյն վիճակի մը մէջ: Այս բոլորին միակ պատասխանատուն եւ պատճառը նկատել այսօրուան իշխանութիւնները եւ վարչապետ Փաշինեանը, նուազագոյնը անլուրջ եւ անարդար է անկասկած:
Անխուսափելի է սակայն նաեւ, թէ օրուան իշխանութիւնը պարտաւոր է իր վարած քաղաքականութիւնը շարունակաբար, օրը օրին բացատրել զինք ընտրող ժողովուրդին եւ ջանալ այդպէսով ապահովել այս վերջնոյն իր նկատմամբ ունեցած վստահութիւնը:
Պէտք է արդար ըլլանք գիտակցելու, թէ ով որ ալ ըլլայ այսօրուան իշխանութեան գլուխը, քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ միջազգային առկայ տուեալներուն բերմամբ, անոր գործը աննախանձելի չափերով դժուար է: Ոչ մէկ կուսակցութիւն կամ խմբաւորում մինչեւ այսօր կարողացաւ բացայայտ եւ յստակօրէն նախընտրելի այլընտրանքներ առաջարկել:
Այսպէս ըլլալով հանդերձ, մենք մեր կարգին, անցնող ամիսներուն ընթացքին մեր խմբագրականներով եւ առաջնորդող յօդուածներով, օրուան իշխանութեանց որդեգրած կամ առաջարկած որոշակի կեցուածքներուն նկատմամբ կատարեցինք յստակօրէն բնորոշուած մեր լրջագոյն քննադատութիւնները
Այժմ, ինչ կը վերաբերի յատկապէս «Տաւուշի Շարժման»՝ ամբողջ ամիս մը հետեւելէ ետք անոր գործելակերպին եւ առաջադրանքներուն, կը կատարենք հետեւեալ առարկայական հակիրճ վերլուծումը:
Առաջին հերթին, որոշ է թէ յատկապէս մինչեւ Մայիսի 9-ի հանրահաւաքը, հայրենի ժողովուրդին մէջ իշխանութեանց նկատմամբ խոր դժգոհութիւններ ունեցող բազմաթիւ եւ տարբեր խմբաւորումներ բոլորը, հետզհետէ միացան անոր: Բողոքող քաղաքացիներու այս մեծ համախմբումը բնականօրէն կ’ակնկալէր այս Շարժման մէջ գտնել ժողովուրդին բաւարարութիւն տալու կարող եւ այլընտրանքային յստակ քաղաքականութիւն մը առաջարկող ղեկավարութիւն մը:
Սակայն յաջորդող օրերը եւ յատկապէս մեծ ակնկալութիւններով սպասուած Մայիս 26-ի հանրահաւաքը վերոյիշեալ իմաստով ստեղծեց մեծ յուսախաբութիւն մը:
Մայիս 26-ին Շարժումը անկարող եղաւ ներկայացնել զինք առաջնորդելու պատրաստ եւ վստահութիւն ներշնչող փորձուած եւ կարող ղեկավարներու հոյլ մը: Փոխարէնը նոյն ինքը Բագրատ Սրբազան ներկայացաւ որպէս երեւացող միակ ղեկավար, ինչպէս նաեւ եւ մանաւանդ՝ իբրեւ օրուան իշխանութիւնը փոխարինելու յաւակնութիւնը ունեցող թեկնածու Վարչապետ: Ան նաեւ յայտարարեց թէ «սառեցուցած է» իր եկեղեցական՝ հոգեւորականի եւ վարչական գործունէութիւնը, առանց նոյնիսկ բացատրելու այդ «սառեցման» իմաստը եւ տարողութիւնը: Մայիսի 26-ին եւ անկէ ետք, մինչեւ այսօր, Շարժման կողմէ ազգային այլընտրանքային քաղաքականութեան Փլաթֆորմի ամբողջական բացակայութիւնը, առաջնորդեց աւելի եւս յուսախաբութեան: Մնաց միայն Վարչապետի եւ իշխանութեան անմիջական հրաժարման պահանջը, որպէսզի Բագրատ Սրբազան գլխաւորէ բոլորովին նոր եւ անծանօթ իշխանութիւն մը:
Ամբողջ մէկ ամսուան ընթացքին, «Տաւուշի Շարժման» աշխատանքին տեսանելի դրսեւորումը կատարուեցաւ յատկապէս փողոցները փակելու քաղաքացիական անհնազանդութեան անպտուղ գործողութիւններով, նոյնիսկ այն օրերուն երբ երկրին հիւսիսի տարածքներուն մէջ ջրհեղեղային անձրեւներուն տակ հսկայական աղէտալի վնասներու ենթարկուած էին կարեւոր շրջաններ եւ անոնց ամբողջ բնակչութիւնը:
Այս բոլորին լոյսին տակ, հիմնուելով վերոյիշեալ անվիճելի տուեալներուն վրայ, որոշ է թէ, եթէ ճիշդ է որ այսօրուան իշխանութեանց գործունէութեան նկատմամբ կան իրաւացի որոշ կարեւոր դժգոհութիւններ, ճիշդ է նաեւ այն իրականութիւնը թէ «Տաւուշի Շարժումը» մինչեւ այսօր չէ կրցած որեւէ ձեւով վստահութիւն ներշնչել թէ ինք կրնայ երաշխաւորել թէ կարող է փոխարինել ներկայ իշխանութիւնը երկրին համար աւելի նպաստաւոր քաղաքականութիւն վարելու ատակ վարչակազմով: Նոյն ինքը, յատկապէս առաջարկուող վարչապետի թեկնածու Բագրատ Սրբազանը, բացայայտ է թէ չունի քաղաքական որեւէ փորձառութիւն, իսկ ինչ կը վերաբերի անցեալին Գանատայի մէջ տասնեակ մը տարիներ առաջ, որպէս Թեմի Առաջնորդ, իր գործունէութեան, որուն երբեմն ակնարկութիւններ կը կատարուին , արխիւները ցոյց կու տան անոր ունեցած վարչական աշխատանքին առնուազն խնդրայարոյց ըլլալը, որուն պէտք չէ այսօր անդրադառնալ որպէսզի չբացուին նաեւ հին վէրքեր:
Ամէնակարեւորը սակայն այն է թէ ռամկավարութիւն (democracy) եւ ժողովրդավարութիւն դաւանող երկրի մը մէջ, մինչ սովորական երեւոյթ է իշխող կառավարութեան մը նկատմամբ տեսնել ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին դժգոհութեան եւ բողոքի առօրեայ արտայայտութիւնները, սակայն այդ իշխանութիւնը փոխելու միակ միջոցը օրինական արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններն են, որոնք, պարտին տեղի ունենալ հետեւելով Սահմանադրութեան նախատեսած օրէնքներուն:
Հետեւաբար նկատի առնելով մեր այս գրութեան մէջ մատնանշած բոլոր առարկայական տուեալները եւ իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող փողոցի անկարգութեան վերածուած՝ անընդունելի գործելակերպը, կուզենք յստակօրէն այժմ կողմնորոշուիլ յայտարարելով թէ, անորոշ քաղաքական արտայայտութիւնները, փողոցներ փակելը, վարչապետի հրաժարական պահանջելը անգործնական, անվստահելի եւ հետեւաբար անընդունելի միջոցներ են իշխանութեան որեւէ փոփոխութիւն իրականացնելու համար: Միակ ընդունելի ձեւը կը կայանայ օրինական միջոցներու կիրարկումով, ջանալ մօտ ապագային կայացնել արտահերթ ընտրութիւններ եւ եթէ ընդդիմութիւնը այսօր չունի համապատասխան միջոցները, սպասել մինչեւ 2026 թուին Հայաստանի յաջորդ հերթական ընտրութիւններու կայացման՝ որպէսզի այդ առիթով ջանան փոփոխութեան ենթարկել երկրին իշխանութիւնները:
Մինչ այդ ամէնակարեւորը, անհրաժեշտ է, եւ մեր պահանջն է, որ իբրեւ առաջնահերթութիւն, Հայաստանի հանրային մթնոլորտը, վերադառնայ խաղաղ եւ արտադրողական վիճակի, որպէսզի ան հզօրացնէ իր տնտեսութիւնը եւ մանաւանդ ռազմական պատրաստութիւնը, առանց որոնց մեր հայրենիքի գոյութիւնն իսկ լրջօրէն վտանգուած է:
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան